image

Մոնթրէալ. Նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին. Կիրակնօրեայ դասագիրքերու ներկայացում (Լուսանկարներ)

Մոնթրէալ. Նախագահութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին. Կիրակնօրեայ դասագիրքերու ներկայացում (Լուսանկարներ)

Օրերս, Մոնթրէալի մէջ, նախագահութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի տեղի ունեցած է կիրակնօրեայ վարժարաններու յատուկ  դասագիրքերու ներկայացման հանդիպում-շնորհանդէս։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2025-ին, նախագահութեամբ՝ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Նոր Դասագիրքերու շնորհահանդէսը:

Ներկայ էին՝ Ազգային բարերար եւ դասագիրքերու մեկենաս՝ Տիկին Շաքէ Կէօնճեան, դասագիրքերու հեղինակ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեան, հոգեւոր հայրեր, միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ, Կիրակնօրեայ Դպրոցներեու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը եւ աշակերտները:

Հանդիսավարներն էին՝ զոյգ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, արտայայտելով իրենց կապուածութիւնն ու սէրը Կիրակնօրեայ Դպրոցին հանդէպ: Ապա հրաւիրեցին իրենց քոյրերն ու եղբայրները երգելու Կիրակնօրեայ Դպրոցներու մաղթերգը:

Մաղթերգի երգեցողութենէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, փոխանցեց բաժանմունքի խօսքը, շեշտելով. «Քրիստոնէական Դաստիարակութիւնը պէտք է նկատուի ոչ թէ ընտրելի, այլ անբաժանելի մասնիկը հայ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ»:

Իր խօսքին աւարտին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բաժինը բերած էին այս Դասագիրքերու կազմութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքներուն:

Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը, երգեցին «Նոր Ծաղիկ» մեղեդին: Ապա, Դպրոցի տեսուչ՝ Բարեշնորհ Թորոս Սարկաւագ Պապիկեան, ներկայացուց Կիրակնօրեայ Դպրոցի առաքելութիւնն ու կենսաւորութիւնը՝ կարեւորելով անոր պատմական արմատներն ու պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց, «Ժամանակին, երբ ընտանիքները հայախօս էին, հայ կրօնքն ու մշակոյթը բնականօրէն կը փոխանցուէր սերունդէ սերունդ, Կիրակնօրեայ Դպրոցը կարեւոր օղակ մըն էր այդ ժառանգութիւնը ամրապնդելու գործին մէջ: Այսօր, երբ մարտահրաւէրները շատցած են, ազգային քրիստոնէական ինքնութիւնը սպառնալիքի տակ է, կորսուելու վախը կ'ապրինք ամէն օր, դպրոցներուն մէջ քրիստոնէական արժէքները չեն փոխանցուիր՝ Կիրակնօրեայ Դպրոցը ոչ միայն կարեւոր, այլ կենսական դեր ունի»: 

Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը երգեցին «Երբ Սուրբ Հոգին իմ մէջ գործէ» երգը:

Ապա, Դասագիրքերու հեղինակ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեան ներկայացուց երահատոր դասագիրքերու պատրաստութեան ամբողջ գործընթացը, խօսելով՝ դասագիրքի բովանդակութեան, աշախատանքային գրքոյկի եւ ուսուցիչի ուղղեցոյցի մասին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, ուսուցիչ կամ հաւատացեալ, երբ սոյն երեք դասագիրքերը կարդայ, համարեա կարդացած կ'ըլլայ ամբողջ Աստուածաշունչը: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց, որ Աստուածաշունչը բոլորին կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը ըլլայ, այլապէս բոլորիս կեանքը ճահիճի կը վերածուի:

Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Տիկին Շաքէ Կէօնճեանը, Պարոն Արշաւիր Գաբուճեանը եւ Հայր Յակոբը կատարեցին գինեձօնի արարողութիւնը:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Ան վերարժեւորեց կրթական այս նոր նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը մեր համայնքային կեանքէն ներս: Ան ընդգծեց, որ Դաստիարակութիւնը հիմնաքարը կը կազմէ մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ սերունդներու գոյատեւման:

«Այս դասագիրքերը միայն էջեր չեն՝ այլ սերմեր են, որ ցանուած են մեր զաւակերուն հոգիներուն մէջ: Սերմեր՝ որոնք պիտի ծլին՝ հաւատքով, որոնք ջուր պիտի ստանան՝ աղօթքով ու ուսուցմամբ, եւ որոնք պիտի պտղաբերին՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Ապա իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց՝ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանին, որ իր լուման դրաւ այս աստուածահաճոյ ծրագիրի իրականցման, ինչպէս նաեւ՝ Պարոն Արշաւիր Գաբուճեանին իր կատարած բծախնդիր աշխատանքին համար: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գնահատեց Հայր Յակոբը, իր տարած աշախատանքին համար: 

Երեկոն իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով: