image

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսի վերջին «ուղերձ»ին հետքերով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Գահակալ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Կաթողիկոսի  վերջին «ուղերձ»ին հետքերով

Մեծ հարցադրումը կը մնայ հետեւեալը, որ արդեօք շաբաթ մը առաջ Անթիլիասէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին  ժամանած Կիլիկեան Աթոռի երկու ակնառու սրբազաններու կողմէ  ներկայացուած «միջնորդութիւն»ը կամ «առաջարկ»ը ջուրը նետուած է՞, եւ արդեօք ատոր լոյսին տակ է, որ Կիլիկեան Աթոռի Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը    յարմար համարեց  ուղերձով մը հանդէս գալ...։

 Կան այս վարկածները, սակայն ամենատխուրն այն է, որ ոչ  Հայաստանի Վարչապետը, ոչ ալ Ամենայն Հայոց Հայրապետը պատրաստ են նստելու երկխօսութեան մը սեղանին եւ այդ դրոյթն անշուշտ մեծ մտահոգութիւն է իւրաքանչիւր սրտցաւ հայու համար, որ յառաջիկայ օրերուն դարձեալ սրացման մեծ ալիքի մը ականատեսը պիտի դառնանք եւ այդ ալիքի գլխ աւոր միտք բանին հետեւեալն է «Ան, որ կը դիմանայ այս պայքարին մէջ, ան ալ կը յաղթէ...»։ Իսկ եթէ իմ կարծիքս հարցնելու ըլլաք, այս պայքարին մէջ մենք բոլորս ալ պարտուած ենք, եւ սակայն այդ պարտութիւնը «հասկնալու» ունակութիւնը  կարծեմ կորսնցուցած....

Վերջին դէպքերուն լոյսին տակ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «ուղերձ» մը յղելով ամօթանք տուած է ... ու նաեւ յանձնառութիւն յայտնած, որ որեւէ պահու կրնայ գալ Հայաստան եւ քննարկումներ ունենալ թէ  վարչապետին, թէ ալ Ամենայն Հայոցին հետ։

Վեհափառը նաեւ յիշեցուցած է, որ  անցնող  վեց տարիներուն Հայաստան այցելելու առիթ չէ եղած ու ստեղծուած լարուածութեան ի տես մտածած է  այցելել Մայր Հայրենիք, բայց ի տես Ազգային Ժողովին մէջ տիրող մթնոլորտին հրաժարած է այդ գաղափարէն։

Ուշագրաւ է անշուշտ Վեհափառի  այս մօտեցումը ու նաեւ այնտեղ կայ ուղերձ մը այն նախաձեռնութեան (կամ միջնորդութեան) առընթեր, որուն մասին ոչ մէկ խօսք հնչեց ոչ Մայր Աթոռէն, ոչ ալ Կառավարութիւնէն։

Տիրական դէմք է անշուշտ Արամ Ա. Կաթողիկոսը նաեւ Հայաստանի մէջ։ Հայաստանի լայն հասարակութեան, քաղաքական շրջանակներուն, կրօնական թէ աշխարհիկ մարմիններուն համար անոր խօսքը կարեւոր է։

Իսկ մեկնաբանութիւնը  Վեհափառի խօսքին  կը թողում Ձեզի, հաւատալով, որ մանաւանդ այս փուլին նման կարեւոր յայտարարութիւն մը  պէտք է հունաւորել եւ ընկալել դրական ոգիով։  Վեհափառ Հայրապետը  Հայաստանի մէջ առկայ  «ներքին պայքար»ներուն կողմ չէ։  Այս առնուազն հասկնալի պէտք է ըլլայ, եւ անկախ անկէ, որ մօտիկ անցեալին ան  (Նման Ամենայն Հայոցին) պահանջած է Փաշինեանի հրաժարականը, այսօր  սակայն  «կընդունի» անոր  Վարչապետ ըլլալը եւ պատրաստ է երկխօսութիւն իրականացնել բոլորին հետ։

 Մնացեալ մեկնաբանութիւնները՝ ձեզի։ 

 

  Սագօ  Արեան-ի  դիմատետրեան էջէն