image

Քալիֆորնիա. Նոր հրդեհը կը մոլեգնի (Լուսանկարներ)

Քալիֆորնիա. Նոր հրդեհը կը մոլեգնի (Լուսանկարներ)

Հինգշաբթի օր, Լոս Անճելըսի հիւսիսը բռնկած «Canyon Fire» անունով հրդեհը քանի մը ժամուան ընթացքին տարածուած է աւելի քան 2.3 քառ. մղոն տարածքի վրայ՝ ստիպելով հազարաւոր մարդոց տարհանուիլ։ Այս մասին կը հաղորդէ CNN-ը։

Հրդեհը կը շարունակէ տարածուիլ դէպի արեւելք։ Այրած է Lake Piru ջրամբարի հարաւային շրջանը՝ Los Padres ազգային անտառին մէջ։ Այս տարածքը մօտ է Lake Castaic հանգստեան գօտիին, որ այս տարուան Յունուարին արդէն իսկ վնասուած էր «Hughes Fire» հրդեհէն, երբ վեց ժամուան մէջ այրած էր մօտաւորապէս 15 քառ. մղոն տարածք՝ ստիպելով շուրջ 50,000 հոգիի տարհանուիլ։

Տարհանման հրամանի տակ կը գտնուին մօտ 4,200 բնակիչ եւ 1,400 շինութիւն, իսկ եւս 12,500 մարդ նախազգուշացման ռեժիմի մէջ են։ Տեղւոյն վրայ կը գործեն 250 հրշէջ, ուղղաթիռներու եւ օդային աջակցութեամբ։

Տարածքին մէջ ստեղծուած է բարձր վտանգաւորութեան աստիճան՝ ծայրայեղ տաքին, ցած խոնաւութեան եւ չոր բուսականութեան պատճառով։