Օրերս որոշ «աղմուկ»ի պատճառ դարձած եւ «Կովերու տարածք» անունով յայտնի հողամասին ու տեղին վերաբերեալ կատարուած գործարքին մասին կարեւոր տեղեկութիւններ տուած է Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի Կալուածոց Տեսչութեան պատասխանատու, Միաբանութեան անդամ ՝ Հոգշ Տ. Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեանը։
Վարդապետը խօսած է ԱՄՆ հրապարակուող The Mirror-Spectator-ին եւ «Արեւելք» առաջնորդուելով նման կարեւոր խնդրի մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու նախանձախնդրութիւնէն ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնէ կարեւոր հատուածներ նշեալ հարցազրոյցէն։
Ըստ պարբերականին Հոգշ. Տ. Պարէտ ծ. վրդ. Երէցեան նշած է, որ Հայոց պատրիարքարանը կալուածներ ունի Երուսաղէմի, Թել Աւիւի, Եաֆայի, Բեթղեհէմի եւ շատ այլ վայրերու մէջ: «Մեզի համար ամենակարեւորը այն է, որ այս հողերը դատարկ չմնան: Երբ անոնք թափուր մնան, բոլորի հայեացքը կ'ուղղուի այդ կողմ: Ներդրումները մեզի համար ամէնէն կարեւոր միջոցներն են ապահով պահելու մեր հողերը եւ մեր պատրիարքարանի ապագան»,- ըսած է հայր սուրբը:
Ան շարունակած է, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին, կալուածներու վերաբերեալ աւելի քան 20 դատ յարուցուած է, որովհետեւ վարձակալները փորձած են խուսափիլ վճարումներէն, շատեր Հայոց Պատրիարքարանի կալուածը վարձակալութեան տուած են ուրիշներուն առանց Պատրիարքարանի թոյլատւութեան, իսկ ուրիշներ փորձած են ուղղակի իւրացնել հողը, եւ այս բոլորի դիմաց գրեթէ բոլոր դատերը շահած է Պատրիարքարանը:
Անդրադառնալով Պատրիարքարանի նիւթական վիճակին, Հայր Պարէտ պնդած է, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը իր ամէնէն լաւ վիճակի մէջն է բաղդատմամբ անցնող քանի մը տարիներուն եւ ան կը վերադարձնէ իր նախկին ունեցուածքը: Յամենայն դէպս Իսրայէլի կառավարութիւնը օրէնք մը ընդունած է, որ կը պաշտպանէ Պատրիարքարանի պատկանող տուներու մէջ բնակող հայ վարձակալներուն «վարձակալութեան իրաւունքները»։ Այդ բնակարանները հայերուն տրուած էին տարեկան նուազագոյն վարձով, սակայն այս օրէնքին համաձայն, վարձակալները իրաւունք կը ստանան նոյնիսկ վաճառելու այն տունը, ուր կ'ապրին, եթէ անիկա կը գտնուի հայկական միաբանութենէն դուրս: Ան աւելցուցած է, որ Պատրիարքարանը մինչեւ հիմա ետ գնած է 4 կամ 5 տուն: «Ես կ'ուզեմ ըսել, որ մենք մեր կարելին կ'ընենք մեր ունեցուածքը պահպանելու համար»:
Հայր Երէցեան խօսելով հիւրանոցի մը կառուցման ծրագրին մասին Պատրիարքութեան համաձայնութիւնը ըսած է, թէ Պատրիարքարանը որեւէ օգնութիւն չըստանար արտասահմանէն եւ կարիքը ունի աւելցնելու իր եկամուտի աղբիւրները,- «Մենք կ'ուզենք, որ մեր վանքը ըլլայ ինքնաբաւ եւ կարենայ հոգալ մեր բոլոր ծախսերը: Մենք ունինք հարիւրաւոր աշխատակիցներ: Ամէնօրեայ դրութեամբ օրուայ ճաշ կը պատրաստուի հարիւրաւոր մարդոց համար: Մենք ունինք դպրոց, մատենադարան եւ գրադարան, որոնք պէտք է պահպանուին»:Ան շարունակած է. «Մենք մեր կարելին կ'ընենք: Ինչ կը վերաբերի իմ պաշտօնավարման շրջանիս, որեւէ գումար չէ կորսուած: Մեր ըրածը ներդրում է եւ մեր հողերու պաշտպանութիւն»:
Հարիւրաւոր տարիներ Երուսաղէմի միաբանութիւնը պահպանած է իր իրաւունքները եւ այդ կապ չունի, թէ ինչքան է Երուսաղէմի մէջ ապրող հայորդիներուն ընդհանուր թիւը։
Ըստ Հայր Սուրբին այսօր Երուսաղէմի մէջ հայութեան թիւը կը գնահատուի ունի մինչեւ 1500-ով: «Մեր սուրբ պարտականութիւնն է շարունակել պահպանել մեր իրաւունքները: Այս պատճառով մենք պէտք է ամրապնդենք այս միաբանութիւնը եւ նիւթապէս դարձնենք անկախ»:Ըստ Հայր Երէցեանին, նոր չէ որ կը քննարկուի «Կովերու Պարտէզ»ի տարածքէն օգտուելու հարցը, այլ կը քննարկուէր իր պաշտօնը ստանձնելէն շատ առաջ: Օրինակ, Հոգելոյս Ամեն. Տ. Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի Պատրիարք (1960-90) օրօք ալ մտածուած է հիւրանոց մը հիմնել այդ հողատարածքին վրայ, բայց դիմող կողմին եւ Պատրիարքարանին միջեւ համաձայնութիւն չէ գոյացած։
Իսկ այն հարցին, թէ ինչու ներկայ վարձակալութիւնը այսքան երկար ժամկէտով տրուած է, Վարդապետը ըսած է. «Եթէ 99 տարուայ չտաս, ոչ ոք կը հետաքրքրուի: Մարդիկ մեծ գումարներ պիտի ծախսեն եւ ուրիշ ձեւ չեն ընդունիր»: Իսկ թէ կրնայ ըլլալ, որ այդքան երկար վարձակալութենէ ետք Պատրիարքարանը կորսնցնէ հողը, ան ըսած է, որ թէ՛ հողը, եւ թէ՛ շէնքը կը մնան Հայոց պատրիարքարանի անունով, «Մենք կալուածքի վաճառքին դէմ ենք: Մենք հող չենք ծախեր »,- շեշտած է ան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի կայանատեղիին, որ նոյն տարածքին վրայ պիտի կառուցուէր, հայր Երէցեան պարզաբանած է, թէ հիւրանոցի նախագիծէն առաջ, 2020-ին, Երուսաղէմ քաղաքի կառավարիչ մարմինը պայմանագիր ստորագրած է Պատրիարքարանին հետ 10 տարի ժամկէտով օգտագործելու «Կովերու Պարտէզ»էն որոշ մաս մը, որպէս ինքնաշարժներու կայանատեղի:
«Յիսուն տարի է, որ այս տարածքը աղբակոյտ էր: Մենք կրցանք մաքրել եւ վերածել զայն սովորական կայանատեղիի»,-ըսած է ան։ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի հետ կնքուած պայմանագիրով կառավարիչ կողմը 2 միլիոն տոլար պէտք էր ծախսէր տարածքը մաքրելու, կեղտը վերցնելու, կուպրապատելու համար, եւ այդ գումարը արձանագրուեցաւ որպէս վարկ: Այս ծախսերուն դիմաց կայանատեղիէն պիտի օգտուին նաեւ հրեաները:
Սակայն եթէ հիւրանոցը կառուցուի նոր ներդրում ընողին կողմէ, 10 տարուայ պայմանագիրը չեղեալ կը համարուի ըստ այն կէտին, որ յիշուած է նոյն պայմանագրին մէջ, բացատրած է հայր սուրբը, «Այս պարագային նորէն քաղաքապետարանն է շահողը, տարիներու ընթացքին ան պիտի ունենայ նոր հիւրանոց եւ անկէ գանձուելիք հարկեր»:
Հիւրանոցի գործարքը կնքուած է Յուլիսին հրեայ աւստրալիացի գործարար՝ Տանի Ռուպինշթայնի պատկանող ընկերութեան հետ: Ան պիտի ներդնէ 200 միլիոն տոլար, եւ ըստ պայմանագրին թէ՛ շէնքը, եւ թէ՛ հողատարածքը պիտի մնան Պատրիարքարանի սեփականութիւն: Նաեւ ներդնողը ստանձնած է հոգալ հողը արձանագրելու գործընթացը, որ ինքնին շատ սուղ է:
Պայմանագիրը հաստատած են Պատրիարք Տ. Նուրհան արք. Մանուկեան, երէց միաբաններէն Տ. Սեւան արք. Ղարիպեան եւ Հայր Երէցեան: Եւ ի պատասխան այն յարձակումներուն, որ պայմանագիրը պէտք է ստանար ամբողջ միաբանութեան համաձայնութիւնը, հայր Երէցեան արձագանգած է «Միաբանական ժողովը կայացուցած էր կայանատեղիի վերանորոգման որոշումը եւ միաբանութեան բոլոր անդամները տեղեակ են նաեւ հիւրանոցի բանակցութիւններուն մասին: Ատիկա մեր միաբանութեան եւ Պատրիաքարանի ներքին խնդիրն է: Ծրագիրը նոր չէ, փոխուած են միայն պայմանագիրը խնդրող անձերը: «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով մենք չկրցանք հանդիպումներ ունենալ: Մենք ունեցանք հանդիպում մը միայն, որուն ոչ բոլոր միաբանները մասնակցեցան»։
Ան մատնանշած է, որ «Կովերու Պարտէզ»ի գործարքը քննադատողները տեղւոյն հայերն են, որոնք անօրինական գործողութիւններ կ'ընէին Պատրիարքարանի դէմ եւ կը պատժուէին դատարանով:
Ըստ Հայր Սուրբին Նաեւ ուրիշ պատճառ կայ քննադատութեան, որն ալ նախանձն վանքի ներկայ լաւ վիճակէն,- «Այս նախանձին պաճառով շատեր մեզ կը թերագնահատեն։ Անոնք կը կարծեն թէ մենք չենք հասկնար գործէ, միայն իրենք կը հասկնան: Մենք ունինք հինգ փաստաբան, ունինք հաշուապահներ, հաշուեքննիչներ, մեր Միաբանական ժողովը, Պատրիարքը եւ շատ այլ մարմիններ: Անոնք չեն գիտեր, որ մենք անընդհատ կ'ուսումնասիրենք ու կը հետաքննենք: Կը կարծեն, որ ասիկա պարզ հարց մըն է»:
Ան հարց բարձրացուցած է, թէ ուր էին այդ արտասահմանի մարդիկը, երբ օգնութեան կարիքը կար: «Քառասուն տարուայ մէջ որեւէ նիւթական օժանդակութիւն չստացանք: Խորհուրդ տալու փոխարէն, այդ մարդիկ երանի գումար տան, քան թէ միաբանութիւնը ծախսէ իր գումարները հողերը պահելու համար: Եթէ որեւէ մէկը մեղադրանքներ ունի կաշառակերութեան կամ փտածութեան մէջ, թող ապացուցէ, որովհետեւ այդպիսի բան չկայ»,- եզրափակած է Հայր Երէցեան: