Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր շարք մը կարեւոր յայտարարութիւններ ըրած է։
Այս մասին հաղորդած է ermenihaber.am-ը:
Մասնաւորապէս, նախարարը թրքական «Tv100»-ի եթերին, անդրադառնալով Անգարայի մէջ գործող օդատիեզերական TUSAŞ ընկերութեան վրայ կատարուած զինուած յարձակման, ըսած է, որ այդ քայլով միանշանակ թիրախաւորուած է Թուրքիոյ ռազմարդիւնաբերութիւնը։
Բացի այդ, Կիւլեր պատասխանելով «Իսրայէլը կրնա՞յ յարձակիլ Թուրքիոյ վրայ» հարցին, ըսած է․
«Եթէ մեր յարգարժան նախագահն այդպիսի վտանգ չտեսներ, կը խօսե՞ր այդ մասին։ Անկասկած, Իսրայէլն ունակ է յարձակելու, այդպիսի յարձակողական պետութիւնը ամէն ինչ, այդ շարքին՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ եւս մեր դէմ կրնայ օգտագործել, հետեւաբար, մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք պատերազմի»։
Այս պարունակին մէջ թուրք նախարարը նաեւ յիշեցուցած է նախապէս եղած համաշխարհային պատերազմներու մեկնարկի պատճառներն ու աւելցուցած է․ «Ատոնք սկսած են շատ փոքր պատճառներէ։ Այդ կը նշանակէ, որ շատ մեծ բան չի պահանջուիր։ Երրորդ համաշխարհային պատերազմն ամէն պահու կրնայ սկսիլ»։