image

«2025 թ. ընդհանուր ծախսերի 55,8 տոկոսն ուղղուելու է պաշտպանութեան ոլորտին». Վահէ Յովհաննիսեան

«2025 թ. ընդհանուր ծախսերի 55,8 տոկոսն ուղղուելու է պաշտպանութեան ոլորտին». Վահէ Յովհաննիսեան

2025 թուականին պետական պիւտճէով նախատեսուող դրամագլուխի ծախսերու 55,8 տոկոսը պիտի ուղղուի պաշտպանութեան ոլորտին։ Այսօր Ազգային ժողովէն ներս 2025 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը յանձնաժողովներուն ներկայացնելու ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ ֆինանսներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը։

Նախատեսուած է, որ 2025-ի դրամագլուխի ծախսերը պիտի կազմեն համախառն ներքին արդիւնքի 6,6 տոկոսը, որ 2024-ի պետական պիւտճէով նախատեսուած դրամագլուխի ծախսերու մակարդակին հաւասար է, սակայն 2024-ին սպասուող ծախսերու համեմատ շատ է 0,6 տոկոսով։

«Էական է նշել, որ կապիտալ ծախսերի 55,8 տոկոս ուղղուելու է պաշտպանութեան ոլորտին։ Ոլորտի ծախսերը կը կազմեն 664,7 միլիառ դրամ, որը 20 տոկոսով կը գերազանցի 2024թ․ պետբիւջէով սահմանուած պաշտպանութեանն ուղղուող ծախսերը»,- նշած է նախարարը։

Անոր խօսքով՝ որպէս արդիւնք՝ պաշտպանութեան ուղղուող ծախսերը գալիք տարի պիտի կազմեն համախառն ներքին արդիւնքի 6 տոկոսը եւ 2024-ի համեմատ 0,7 տոկոսով շատ պիտի ըլլան։

«Սա ամենաէական մասն է մեր բիւջէի, որովհետեւ այստեղ է կեդրոնացած մեր ամբողջ ուժը, այսինքն՝ այն պոտենցիալը, ուժը, որ մենք դնում ենք, այս տարի պաշտպանութեան ոլորտի զարգացման մէջ է»,- շեշտած է նախարարը։

2025 թուականի ընկերային պաշտպանութեան ուղղուող ծախսերը պիտի կազմեն 905 միլիառ դրամ, որ 13,9 տոկոսով պիտի գերազանցէ 2024 թուականի պետական պիւտճէով սահմանուած ընկերային պաշտպանութեան ծախսերը եւ պիտի կազմէ համախառն ներքին արդիւնքի 8,2 տոկոսը։

Կրթութեան ոլորտին պիտի ուղղուի 300 միլիառ դրամ։ Այս ցուցանիշը 4,5 տոկոսով պիտի գերազանցէ 2024-ի ծախսերը եւ պիտի կազմէ համախառն ներքին արդիւնքի 2,7 տոկոսը։

Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան պիտի տրամադրուի 13,5 միլիառ դրամ, որ 37,6 տոկոսով պիտի գերազանցէ նախորդ տարուան ցուցանիշը։ Նախարարի խօսքով՝ սա պայմանաւորուած է նոր էքօպարեկային ծառայութեան հիմնադրմամբ։

Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան ծախսերը 2025 թուականին պիտի կազմեն 47,5 միլիառ դրամ, որ 89 տոկոսով պիտի գերազանցէ նախորդ տարուան ծախսերը։