Նոյեմբեր 21-էն 29-ը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմածովային ուժերու ստորջրեայ գրոհային ստորաբաժանումները կը կատարեն համատեղ «SAT-SAS-2024» զօրավարժութիւն։
Զօրավարժութիւնը տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ Մարմարիս քաղաքի «Աքսազ» ռազմածովային կայանին մէջ։
«SAT-SAS-2024»-ի ընթացքին երկու երկիրներու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները պիտի իրականացնեն ցամաքային եւ ծովային մարտավարութեան ուսումնասիրում, ուղղաթիռէ վայրէջքներ, ափամերձ տարածքի գրաւում, չպայթած արկերու եւ ծովային ականներու որոնում ու ոչնչացում։