image

Պահրէյնի մէջ. Անդրանիկ Սարգիս Աշճեան կարեւոր յաջողութիւն գրացեց եւ տիրացաւ Պրոնզեայ մետալի (Տեսանիւթ, Լուսանկար)

Պահրէյնի մէջ. Անդրանիկ Սարգիս  Աշճեան կարեւոր յաջողութիւն գրացեց եւ տիրացաւ Պրոնզեայ մետալի (Տեսանիւթ, Լուսանկար)

Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցող վարժարաններու միջազգային մրցախաղերուն կիպրահայ երիտասարդ մարզիկ Անդրանիկ Կրտսեր Աշճեան նոր յաջողութիւն գրանցելով գրաւած է երրորդ պատուական դիրքը եւ նուաճած պրոնզեայ մետալ։

Ասոր մասին«Արեւելք»իմացաւ Կիպրոսի իր աղբիւրէն։

Ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ Անդրանիկ-Սարգիս Աշճեան նման փայլուն արդիւնք մը գրանցէ պատիւ բերելով, ոչ միայն կիպրահայ համայնքին, այլ նաեւ ամբողջ Կիպրոսին։

Ախոյեանին հայրը, կիպրահայ գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան այս գեղիցիկ առթիւ կարճ գրառում մը կատարելով մասնաւորապէս նշած է 

 

Հպարտ ենք մեր ախոյեան Անդրանիկով, որ Պահրէյնի մէջ ընթացող ISF Gymnasiade https://events.isfsports.org/isf-gymnasiade-bahrain-2024/ խաղերու երեք քայլ ոստում մարզաձեւին մէջ նուաճեց 3-րդ դիրքը եւ շահեցաւ պրոնզէ մետալ։

 Այս առթիւ մեր շնորհաւորութիւններն ու շնորհակալութեան խօսքը կը յղենք  Անդրանիկի մարզիչ՝ Ռենոս Կոլոկոտրոնիսին