Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու պալատը բանաձեւ ընդունած է, ուր հաշուի առնելով շարք մը հանգամանքներ, կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ կիրառուող պատժամիջոցները, որոնք ուղղուած են պատգամաւորներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու խօսքի ազատութեան դէմ։
Զեկոյցով Պատգմաւորներու պալատն Ատրպէյճանէն նաեւ կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել անօրինական կերպով բանտարկուած բոլոր անձանց։
Զեկոյցն ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ․
«Պատգամաւորներու պալատը հաշուի առնելով՝
- Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կողմէ 2024 թուականի յունուար 24-ին ընդունուած 2527 բանաձեւը՝ ՝ ընդգծելով այդ լիազօրութիւններու օրինականութեան եւ համապատասխանութեան վերաբերեալ բարձրացուած մտահոգութիւնները,
- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ 2024 թուականի օգոստոս 26-ին ընդունուած որոշումը՝ ԵԽԽՎ 76 պատգամաւորները, ներառեալ լիւքսեմպուրկցի պատգամաւորներ Օքթաւի Մոտերը եւ Իւ Քրուխթէնը, յայտարարած որպէս անցանկալի անձ «persona non grata»,
- Լիւքսեմպուրկի եւ Եւրոպայի Խորհուրդի 13 անդամ պետութիւններու համատեղ խիստ դատապարտումը՝ ուղղուած ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած պատգամաւորներու նկատմամբ կիրառուող այդ միջոցառման եւ ատոր չեղարկման վերաբերեալ յստակ կոչին,
- ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութեան եզրակացութիւնները, որոնք նշած են, որ 2024թ․ փետրուար 7-ին Ատրպէյճանի մէջ կայացած նախագահական արտահերթ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են սահմանափակ եւ քննադատական ձայներու ճնշման միջավայրի մէջ՝ առանց էական քաղաքական այլընտրանքներու,
- Եւրոպական խորհրդարանի 2024թ․ հոկտեմբեր 24-ի բանաձեւը, որ կը մատնանշէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ քաղաքացիական հասարակութեան, աքթիւիսթներու, քաղաքական ընդդիմադիրներու եւ անկախ լրատուամիջոցներու դէմ ճնշումներու ուժեղացումը՝ ստեղծելով վախի մթնոլորտ,
- Amnesty International-ի եւ Human Rights Watch-ի զեկոյցները, ըստ որոնց, մօտ 300 մարդ ներկայիս անօրինական կերպով բանտարկուած է Ատրպէյճանի մէջ՝ քաղաքական պատճառներով,
կը յիշեցնէ
- նախապէս ընդունուած բանաձեւերը Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ,
- բաց երկխօսութեան կարեւորութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ՝ անոնց գործունէութեան ազատութիւնն ապահովելու նպատակով,
կը դատապարտէ
- Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ կիրառուող պատժամիջոցները, որոնք ուղղուած են պատգամաւորներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու խօսքի ազատութեան դէմ,
- քաղաքացիական հասարակութեան, լրագրողներու եւ այլ քննադատներու դէմ ուղղուած կամայական բանտարկութիւնները,
կը պահանջէ
- անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել անօրինական կերպով բանտարկուած բոլոր անձանց,
- վերացնել բոլոր սահմանափակումները, որոնք կը խոչընդոտեն ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած ներկայացուցիչներու ազատ տեղաշարժը,
կը յանձնարարէ
- Պատգամաւորներու պալատի նախագահին այս գրութիւնը պաշտօնապէս փոխանցել Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսի նախագահին՝ որպէս խորհրդարանական երկխօսութեան եւ դիւանագիտության յանձնառութեան նշան,
- Լիւքսեմպուրկի պատուիրակութեան ԵԽԽՎ-ի մէջ ներկայացնել արտակարգ քննարկման առաջարկ՝ 2024 թուականի նոյեմբեր 28-29-ին կայանալիք նիստին,
- Լիւքսեմպուրկի պատգամաւորներուն օգտագործել խորհրդարանական դիւանագիտության բոլոր հնարաւորութիւնները՝ աջակցելու անկախ քաղաքացիական հասարակութեան եւ խաղաղ հաւաքներու իրաւունքին,
վերստին կը հաստատէ
- իր յանձնառութիւնը պաշտպանելու ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնն ու մարդու իրաւունքները՝ ատոնք դնելով Ատրպէյճանի հետ երկկողմ եւ բազմակողմ յարաբերութիւններու կեդրոնը»: