Օրերս, Լաթաքիահայութեան երկար տարիներու երազը իրականացաւ, երբ Լաթաքիոյ նահանգապետարանին կողմէ, Ազգ. երեսփոխանական ժողովի Լաթաքիոյ օրուան ներկայացուցիչին եւ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ երկրչ. Պօղոս Ղազարեանի ջանքերով ազգին տրամադրուեցաւ հողատարածք մը, որուն բացումը կատարուեցաւ օրհնութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Լաթաքիահայութեան երկար տարիներու երազը իրականացաւ, երբ Լաթաքիոյ նահանգապետարանին կողմէ, Ազգ. երեսփոխանական ժողովի Լաթաքիոյ օրուան ներկայացուցիչին եւ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ երկրչ. Պօղոս Ղազարեանի ջանքերով ազգին տրամադրուեցաւ հողատարք մը։
Հողատարածքի պատրաստման եւ բացման արարողութեան աշխատանքը տարին ներկայ Թաղական Խորհուրդը եւ ազգային մարմինները։
Արդարեւ, Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին բացումը կատարուեցաւ Լաթաքիոյ ազգապատկան հողատարածքին, օրհնութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, ներկայութեամբ Հոգշ. հայր Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Քէօշկէրեանի, ինչպէս նաեւ Պատկան Մարմինի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներու, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի, Լաթաքիոյ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ այլ լաթաքիահայերու։
Բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի հնչեցուցած Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները ուղղուեցան հողատարածք։
Մուտքին հայկական տարազով եւ աղ ու հացով պարմանուհին դիմաւորեց սրբազան հայրը, ապա կատարուեցաւ ժապաւէնի հատումն ու տարածքի օրհնութիւնը։
Սրբազան հայրը ողջունեց այս նուիրեալ առաքելութիւնը իրականացնողները, մաղթեց որ այս նոր վայրը Լաթաքիոյ հայութեան բարիքին ծառայէ, օրինակելի վայր մը դառնայ եւ բոլորը զգան, որ հարազատ բոյնի մը մէջ են, մէկ ընտանիքի հասկացողութեամբ, ուր հայկական ոգին կը տիրէ, հայութեան սիրտը կը փափախէ, հայոց լեզուն կը հնչէ, հայ մշակոյթը կը պանծայ։
Ապա Մակար սրբազան շնորհաւորեց Լաթաքիոյ բոլոր մարմինները գլխաւորութեամբ քահանայ հօր եւ թաղականութեան, որոնք ճիգ ու ջանք չխանայեցին եւ գործընթացը յառաջ տարին, որպէսզի ապագային մեր երիտասարդները այս կառոյցին մէջ ի կատար ածեն իրենց դերն ու պարտականութիւնը։ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Լաթաքիոյ Նահանգապետարանին, որ այս տարածքը շնորհեց մեզի ու այս առիթով իր ամբողջական երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին տոքթ. Պաշար ալ-Ասատին եւ սուրիական հզօր բանակին, որոնք, հակառակ տիրող կացութեան, միասնաբար կ՚աշխատին Սուրիոյ հզօրութեան եւ պաշտպանութեան համար։
Սրբազան հայրը իր խօսքը փակեց շնորհաւորելով բոլորը եւ մաղթեց, որ մօտ ապագային լաթաքիահայութեան յոյսը եւ երազանքը հանդիսացած այս վայրը իր ամբողջական ձեւը գտնէ։