image

Արցախցիներու 50 000 դրամներու ծրագրի շահառուներու թիւն աստիճանաբար պիտի կրճատուի

Արցախցիներու 50 000 դրամներու ծրագրի շահառուներու թիւն աստիճանաբար պիտի կրճատուի

Յաջորդ տարուան գարունէն սկսեալ Արցախէն տեղահանուածներու աջակցութիւնը պիտի նուազի եւ պիտի վերաբերի յստակ թիրախային խումբերու։

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը կառավարութեան նիստին զեկուցած է, որ 2025 յունուար-մարտ ամիսներուն դրամական աջակցութիւնը պիտի կազմէ 50 հազար դրամ եւ «40+10» ծրագիրը պիտի գործէ մինչեւ մարտ։

Արդէն ապրիլէն մինչեւ յունիս աջակցութեան չափը պիտի նուազի եւ պիտի կազմէ 40 հազար դրամ, եւ այն պիտի ստանան յստակ խումբեր՝ անչափահասները, կամ 18 տարին լրացած, բայց բարձրագոյն կրթութիւն ստացող քաղաքացիները, 63 տարեկանէն բարձր տարիքի անձինք, կերակրողը կորսնցուցածները եւ 1-ին ու 2-րդ կարգի հաշմանդամները։

Այսինքն՝ այս ընկերային խումբերէն դուրս գտնուող միւս անձինք, մարտէն այլեւս դրամական աջակցութիւն պիտի չստանան։

Արդէն յուլիսէն-դեկտեմբեր հատուածին մէջ Արցախէն տեղահանուած յստակ թիրախային խումբերը պիտի ստանան ամսական 30 հազար դրամ աջակցութիւն։