image

Եկեղեցի եւ քաղաքականութիւն

Եկեղեցի եւ քաղաքականութիւն

Անկախ այն հանգամանքներէն, թէ այս բոլորին մէջ ո՛վ աւելի յանցաւոր է կամ ո՛վ է գլխաւոր մեղաւորը կամ մեղաւորները, անշուշտ, վերլուծութեան կարիք ունի։ Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի հասարակութիւնը ընդհանրապէս այլ մեկնակէտով կը դիտարկէ եկեղեցին, անոր գլուխն ու նոյնիսկ միաբանութիւնը։ Առաւե՛լ, ժողովուրդը նախկին նախագահներուն հանդէպ ունի ատելութիւն, ապա արդիւնքը պիտի ըլլայ շատ պարզ ու սպասելի։ Իշխանութիւն-եկեղեցի վիհին մէջ պիտի աւելնայ նոր գործօն մը, որ Հայաստանի հասարակութիւնն է, որ հակառակ զանազան փուլերու լուռ հետեւող ըլլալուն այս անգամ բացայայտ կերպով պիտի դիրքորոշուի Մայր Եկեղեցիին դէմ ու այդ դիրքորոշումը արդարացնէ Բագրատ սրբազանի ոչ-դրական կերպարով, անոր արտայայտութիւններով եւ մղած պայքարին անարդիւնաւէտութեամբ։

 

 

Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած գոյաբանական մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ ներկայիս ներքաղաքական կեանքը կ՚անցնի բազմապիսի ցնցումներէ։ Այդ ցնցումները յաճախ երեւելի չեն ու հարցը այն է, որ Հայաստանի մէջ հասարակութիւնը եղած է բաժան-բաժան։

Իշխանութիւնները, որոնց ուսերուն դրուած է սխալներու եւ նոյնիսկ մեղքերու մեծ տրցակ մը, մինչեւ վերջին արտահերթ ընտրութիւնները կը հաւատային, թէ անոնց ճամբով կարելի պիտի ըլլայ նոր էջ մը բանալ հասարակութեան մէջ ու անցնիլ աշխատանքի։ Իսկ ընդդիմութիւնը, որուն կորիզը բոլորուած է նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի շուրջ, ընդունելով հանդերձ ընտրութիւններուն իրենց պարտութիւնը՝ շարունակեցին հաւատալ, թէ ամէն միջոց ի գործ պէտք է դրուի տապալելու համար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Բազում փորձերէ եւ բազմատեսակ պայքարներէ ետք եւ օգտուելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ առկայ տարակարծութիւններէն, դարձեալ ընդդիմադիր դաշտը փորձեց նոր ձեւաչափով պայքարի մը ձեռնարկել։ Անշուշտ, այս իրադարձութիւններու ընթացքին տեղի ունեցան, ի մասնաւորի իշխանութիւններուն կողմէ, անընդունելի արարքներ, որոնք աւելիով խորացուցին վիհը՝ մէկ կողմէ Մայր Եկեղեցիին ու միւս կողմէ Փաշինեանի կառավարութեան միջեւ։ Այս ամուլ վիճակէն մարմին ստանալով ու հաշուի առնելով Բագրատ սրբազանի Տաւուշի մարզի առաջնորդ ըլլալն ու ընդդիմութեան մօտիկ հոգեւորական ըլլալու հանգամանքը, ստեղծուեցաւ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիք»ի շարժումը, որ կը շարունակուի ցայսօր։

Անկախ այն հանգամանքներէն, թէ այս բոլորին մէջ ո՛վ աւելի յանցաւոր է կամ ո՛վ է գլխաւոր մեղաւորը կամ մեղաւորները, անշուշտ, վերլուծութեան կարիք ունի։ Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի հասարակութիւնը ընդհանրապէս այլ մեկնակէտով կը դիտարկէ եկեղեցին, անոր գլուխն ու նոյնիսկ միաբանութիւնը։ Առաւե՛լ, ժողովուրդը նախկին նախագահներուն հանդէպ ունի ատելութիւն, ապա արդիւնքը պիտի ըլլայ շատ պարզ ու սպասելի։ Իշխանութիւն-եկեղեցի վիհին մէջ պիտի աւելնայ նոր գործօն մը, որ Հայաստանի հասարակութիւնն է, որ հակառակ զանազան փուլերու լուռ հետեւող ըլլալուն այս անգամ բացայայտ կերպով պիտի դիրքորոշուի Մայր Եկեղեցիին դէմ ու այդ դիրքորոշումը արդարացնէ Բագրատ սրբազանի ոչ-դրական կերպարով, անոր արտայայտութիւններով եւ մղած պայքարին անարդիւնաւէտութեամբ։ Անշուշտ, այս բոլորը ժողովուրդին մէկ հատուածին համար, իսկ անդին կան հազարաւորներ, որոնք ամէն գնով եւ մինչեւ վերջ պատրաստ են պաշտպանել Բագրատ սրբազանն ու անոր մօտեցումները։ Հասարակութեան մէկ մասը ունի այն գաղափարը, թէ եկեղեցին պէտք չէ խառնուի քաղաքականութեան ու հեռու մնայ քաղաքական կեանքէն, իսկ միւս մասը կը պաշտպանէ ու կը յարգէ Բագրատ սրբազանը։ Մինչ այդ, տխուր փաստը այն է, որ Հայաստան մասնատուած վիճակի մէջ է, որուն աւարտը, ըստ երեւոյթին, հեռու է ամբողջական փարատումէ։

Միւս կողմէ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Սիոն» ամսաթերթի 1960 թուականի ապրիլ-մայիս միացեալ թիւին մէջ լոյս տեսած է «Հայ եկեղեցականը եւ քաղաքականութիւն» յօդուածը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Հայ եկեղեցականներու կեանքին մեծագոյն դժբախտութիւններէն մին եղած է քաղաքական գործերու խառնուելու փորձութիւնը։ Հակառակ այն իրողութեան, որ հոգեւոր գործունէութեան դաշտը այնքան ընդարձակ է եւ պատասխանատու, կարգ մը հոգեւորականներ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար թոյլ կու տան, որ քաղաքական ազդակներ եւ հոսանքներ գան ու խառնուին իրենց հոգեւոր գործին։

Այսօր Հայաստանի մէջ ունինք սեփական կառավարութիւն, որ կը վարէ երկրին քաղաքական ճակատագիրը, իսկ արտասահմանի մէջ ալ կը գտնուին քաղաքական մեծամեծ կուսակցութիւններ, որոնք կրնան զբաղիլ քաղաքական գործերով՝ համաձայն իրենց պատկանած երկրին օրէնքներուն։ Եկեղեցականը ունի իր ուրոյն եւ սեփական գործը, հետեւաբար պէտք չէ խառնուի իրեն չվերաբերող քաղաքական գործերու։

Եկեղեցականի մը գործունէութեան հարազատ դաշտն է Եկեղեցին։ Իր պարտականութիւնն է հոգ տանիլ իրեն վստահուած ժողովուրդին հոգեւոր եւ բարոյական զարգացման։ Եկեղեցական մը եթէ խղճի մտօք եւ արդիւնաւորապէս կատարէ իր այս պարտականութիւնը, արդէն իսկ գլուխ հանած կ՚ըլլայ այնպիսի մեծ գործ մը, որ արժանի կը դարձնէ զինքը երախտագէտ գնահատութեան։

Քաղաքական վարչաձեւերը երկրէ երկիր կը տարբերին եւ յաճախ կը մնան իրարու հակադիր։ Միեւնոյն երկրին մէջ իսկ վարչութիւնները կրնան ենթարկուիլ յաճախակի փոփոխութեանց. այդ վերիվայրումները պէտք չէ ազդեն հայ եկեղեցականներու հոգեւոր գործունէութեան, որ բոլորովին տարբեր մակարդակի մը կը պատկանի անտարակոյս։

Եկեղեցին իբրեւ աստուածային հաստատութիւն ունի յաւիտենական սկզբունքներ եւ անփոփոխ ուղղութիւն, որմէ պէտք չէ շեղի երբեք։ Ոեւէ եկեղեցական իրաւունք պէտք չէ զգայ պատահական հովերու առագաստ բանալով Եկեղեցւոյ նաւը ալեկոծութեան մատնելու։ Անհատական նախաձեռնութեամբ բարեկարգութեան մանկունակ փորձերը Եկեղեցիին մէջ անկարգութիւն եւ անիշխանութիւն յառաջացնելով՝ զայն քայքայելու միայն կը ծառայեն։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դարաւոր, նախանձելի եւ պատկառելի աւանդութիւնները լրջութենէ եւ խոհականութենէ զուրկ ընթացքներով պէտք չէ խախտել, Եկեղեցիին տեւականութեան եւ բարգաւաճման սիրոյն իսկ։ Այս կը պահանջուի ամէն հայ եկեղեցականէ, որ նախանձախնդիր է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ փառքին։

Հայ եկեղեցականը պէտք է ջանայ ուղիղ վարելու իր ակօսը եւ զգուշանայ աջ կամ ահեակ խոտորելէ։ Իր ձեռքը հոգեւոր մաճին վրայ դնող մշակը պէտք չունի ոտքին տակ քաղաքական պատուանդաններ ճարտարելու։ Հոգիով երկինքի մէջ սաւառնիլ, իսկ միտքով ու մարմնով երկրի վրայ սողալ, ձախողութիւն միայն կը բերէ հայ եկեղեցականին։ Հայ եկեղեցականը պէտք է իր ոտքերը պահէ կրօնական հաստատուն գետնի վրայ եւ զգուշանայ քաղաքական լպրծուն զառիթափներու կողքին վերելակելու փորձերէ։ Քաղաքական դարձուածներու եւ վերիվայրումներու թոհուբոհին մէջ չէ որ պիտի դեգերի հայ եկեղեցականը իրեն ասպարէզ մը հայթայթելու համար, այլ արդէն իսկ աղաղակող հոգեւոր կարօտութեանց ընդառաջ երթալով պիտի գտնէ իսկական ծառայութեան լայնարձակ դաշտեր։ Ծառայելու կոչումը պէտք է, որ խթանէ զինքը դէպի գործ եւ ոչ թէ իշխելու եւ տիրելու սին փառամոլութիւնը։

Փառամոլութեան կիրքը շատ եկեղեցականներու գահավէժ անկումին պատճառ է եղած։ Փառամոլութիւնը, որ ինքնին դատապարտելի է, քառիցս դատապարտելի կը դառնայ, երբ փառամոլը չի վարանիր անուղիղ եւ անխոստովանելի միջոցներ ալ կիրարկելու, գոհացնելու համար իր անյագուրդ ցանկութիւնը։ Եկեղեցականը այնքան պէտք է խորշի գաղտնածածուկ գործերէ, որքան կը խորշի խաւարի իշխանէն՝ սատանայէն։ Եկեղեցականի մը գործունէութեան դաշտը միշտ պէտք է ըլլայ բաց եւ լուսաւոր։ Բարի գործերը լոյսի մէջ կը կատարուին եւ պէտք չունին մեկուսի կամ մութ թաքստոցներու։ Խաւարի սէրը յատուկ է սատանային եւ անոր հետեւողները միայն կը փախչին լոյսէն։

Եկեղեցական մը որ արհամարհանքով կը նայի Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին ծառայութեան եւ հետամուտ կ՚ըլլայ փափուկ աթոռներու եւ հանգստաւէտ կենցաղի, ինքնին կը կորսնցնէ իր հոգեւոր մշակի վարձքը։ Նախ ծառայութիւն եւ ապա վարձատրութիւն եւ այդ՝ առանց սակարկութեան։ Պէտք է թողուլ Աստուծոյ կամքին որ Իր ուզած ժամանակ եւ Իր ուզած ձեւով վարձատրէ Իր նուիրեալ պաշտօնեաները։ Աստուած անտես չ՚ըներ զանոնք՝ որոնք իրենց կեանքը նուիրած են Իր սիրոյ եւ խաղաղութեան թագաւորութեան ծաւալումին, որ է Եկեղեցւոյ գերագոյն նպատակներէն մին։

Եկեղեցին շինարար հաստատութիւն մըն է եւ ոչ թէ քանդիչ եւ շինարար աշխատանք կատարելու համար անհրաժեշտ է ունենալ խաղաղութիւն։ Ուր որ խաղաղութիւն չկայ, հոն մի՛ սպասէք որեւէ արդիւնաւոր աշխատանք։ Անոնք որ խաղաղութեան յարգը չեն գիտեր, անոնք որ իրենց գտնուած վայրը կռուադաշտի վերածելու կիրքը ունին, չեն կրնար օգտակար ըլլալ Եկեղեցիին։

Մեր եկեղեցիներն ու վանքերը խաղաղ եւ արդիւնաւոր կեանքի վառարաններ դարձնելու գլխաւոր պայմանը այն է, որ եկեղեցականները չխառնուին քաղաքականութեան։ Հայոց վանքերուն իսկական կոչումն է ըլլալ հոգեւոր մշակոյթի լուսաբուխ վառարաններ, հետեւաբար ինչ բան որ կը խանգարէ այդ բարձր կոչումին իրագործումը՝ պէտք է հեռու պահուի մեր վանքերէն։ Արդէն դաժան տարիներ դժբախտաբար քանդած ու աւերած են մեր հարիւրաւոր վանքերը եւ մատի վրայ համրուող նմոյշներ միայն կը մնան մեզի, պէտք է գուրգուրալ անոնց վրայ եւ չընել ոչ մէկ բան, որ կրնայ զանոնք տկարացնել, կամ վտանգել անոնց կացութիւնը։ Այս հոգածութիւնը պէտք է ցոյց տայ ամէն հայ եւ մանաւանդ ամէն հոգեւորական։

Եկեղեցական եւ միայն եկեղեցական գործունէութեան պէտք է նուիրուի հայ եկեղեցականը։ Այս պէտք է ըլլայ կանոնը ամէն հայ եկեղեցականի, ինչ աստիճանի վրայ ալ գտնուի ան։

Հայ եկեղեցականներու միակ քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ քաղաքականութեան չխառնուիլ։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...