image

Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի այցը՝ Սան Ֆրանսիսքօ

Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի այցը՝ Սան Ֆրանսիսքօ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, օրերս, հնգօրեայ հովուական այցելութեամբ գտնուած է Սան Ֆրանսիսքօ, ուր իր կեցութեան ընթացքին համայնքէն ներս ծաւալած է զանազան բնոյթի գործունէութիւն՝ հոգեւոր արարողութիւն, հանդիպումներ, ծխական եւ կրթական ձեռնարկներ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի Դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբերէն մինչեւ 5 Նոյեմբեր 2024, հովուական այցելութեամբ եղաւ Սան Ֆրանսիսքօ եւ իր կեցութիւնը համայնքէն ներս իմաստաւորեց զանազան բնոյթի գործունէութեամբ: 

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 31 Հոկտեմբեր 2024-ին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս հասաւ Սան Ֆրանսիսքոյի ծուխ եւ ընդունուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեանի եւ Ազգ. երեսփոխան ու Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ եւ շրջանի պատասխանատու ազգայիններէն Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ, ապա, երեկոյեան, ան գլխաւորեց պաշտօնական հանդիպում եւ ընթրիք՝ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց յանձնախումբի կազմերուն հետ եւ մօտէն առնչուեցաւ անոնց աշխատանքային առօրեային, ծրագիրներուն եւ իր հովուական այցելութեան կապուած մանրամասնութիւններու: Հուսկ ան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր, ծառայական եւ կամաւորական աշխատանքները վարող նուիրեալ ազգայիններուն:

ՈՒՐԲԱԹ, 1 Նոյեմբեր 2024-ին, Առաջնորդ Սրբազանը փրոթոքոլային հանդիպում ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս՝ Գերշ. Տ. Սալվատորէ Քորլէոնի հետ, ընկերակցութեամբ Հայր Սմբատի, Տէր Արցախի եւ Տիար Այնթապլեանի: Առաջին այս հանդիպումը նպաստեց փոխադարձ ծանօթացման եւ երկու եկեղեցիներու Հոգեւոր հայրերու միջեւ սրտագին բարեմաղթութիւններու փոխանակման: Գեղամ Արքեպիսկոպոս՝ Յիսուս Քրիստոսով եղբայրացած օտարազգի Արքեպիսկոպոսին նուիրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի “The Armenian Church” գիրքէն օրինակ մը եւ հայկական փոքր չափի խաչքար մը, ապա ճաշի հիւրը եղաւ անոր: Հանդիպումը նաեւ ընդգրկեց յատկապէս քրիստոնեայ եւ ի մասնաւորի ամերիկեան աշխարհը յուզող հարցերու անդրադարձ, երկու եկեղեցիներու հիմնարար սկզբունքներու փոխադարձ ծանօթացման լոյսին տակ:  

ՇԱԲԱԹ, 2 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց երեկոյեան ժամերգութիւնը, որուն ընթացքին կատարեց կիսասարկաւագաց եւ դպրաց աստիճանի տուչութիւն: Կիսասարկաւագաց կարգի արժանացան Լեւոն Պամուկեան եւ Արշակ Պամուկեան: Այս առիթով Առաջնորդ  Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նուիրեալներու մուտքը՝ դէպի եկեղեցւոյ նուիրապետական կրտսեր աստիճաններ եւ անոնց մաղթեց յանձնառու ծառայութիւն: 

Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ դիտել տուաւ, որ ընծայեալները թէեւ կրտսեր աստիճանին դրին ոտք, բայց անոնք իրենց կեանքին մէջ բացին եկեղեցւոյ ծառայական մեծ դաշտերու նախամուտքը եւ այս իմաստով գնահատեց բոլորին գիտակից վերաբերումը՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին նկատմամբ, ապա իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոնց ծնողներուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին: Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ յատուկ հիւրասիրութեամբ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն, որ իրենք եւս շնորհաւորեն եկեղեցւոյ ընծայեալները:

ԿԻՐԱԿԻ, 3 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին լեցնող հաւատացեալ հայորդիներ ապրեցան հոգեպարար արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, որ պատարագեց, սարկաւագաց ձեռնադրութիւն կատարեց եւ քարոզեց՝ եկեղեցւոյ նկատմամբ նուիրական ծառայութիւնը դարձնելով իր խօսքին միտք բանին: Արարողութեան հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Ս. խորանին ծառայեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան եւ դպիրներ, խարտաուիլակութիւնը կատարեց Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան: Արարողութեան ընթացքին Գեղամ Արքեպիսկոպոս սարկաւագ ձեռնադրեց եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած չորս խոստմնալից անդամներ՝ Ռոստոմ Ծնունդեան, Յակոբ Քուճաքեան, Վիգէն Ճինկէօզեան եւ Էվըն Յարութիւն Ուկարթէ: 

Յետ ձեռնադրութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջ քաշեց սարկաւագութեան գաղափարը եւ իր քարոզին մէջ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները՝ իրենց Տէրը լսելու եկած բազմահազար ժողովուրդի սննդական կարիքները հոգալու համար սպասարկող մարդուժի ապահովման գծով կայացուցին որոշում՝ ձեռնադրելով սարկաւագներ, որոնք կոչուեցան ժողովուրդի ծառայութեան, ապա ժամանակի ընթացքին սարկաւագութիւնը հոգեւոր սնունդի մատակարարման գաղափար զգեցաւ եւ սարկաւագաց դասը եկեղեցւոյ Ս. խորանին ու ժողովուրդի սպասաւորութեան նուիրուեցաւ՝ հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, որ յեղափոխեց մինչ այդ առկայ՝ «ամբողջը ծառայ՝ կայսեր, թագաւորի մը կամ աւագանիի մը» հասկացութիւնը շրջուած նոր իմացութեամբ, որ ինքնին կը բնութագրէ սարկաւագութեան գաղափարը մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ուսմունքին պէս, որով մէ՛կը կը դառնայ ծառան ամբողջին: 

Քիչ մը եւս ընդարձակելով ծառայութեան խորհուրդը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով ձեռնադրուածներուն՝ բացատրեց, որ նաեւ բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրուած են ծառայելու Քրիստոսի եկեղեցւոյ, իսկ սարկաւագութիւնը պարտաւորութիւն ըլլալով հանդերձ նաեւ պատիւ է, որովհետեւ Աստուծոյ եւ Հոգեւոր Տան ծառայութեան մէջ ըլլալը մարդ արարածին տրուած մեծագոյն պատիւն ու շնորհն է այս կեանքին մէջ, հետեւաբար, պէտք չէ ունենալ շնորհակալութեան ակնկալութիւն եւ աւետարանական խօսքի հետեւութեամբ շեշտեց՝ «անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»:

Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ նախագահեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան խնդրանքով Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի հանգուցեալ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյր ու եղբայրներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով նաեւ կատարուեցաւ Գալիֆորնիոյ բոլոր եկեղեցիներէն ներս:  

ՆՈՅՆ ՕՐԸ՝ յետմիջօրէին, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իր նախագահութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Խաչատուրեան Հայ Կեդրոնի Սարոյեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-կալա, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ ազնուափայլ Տիկնոջ՝ Յասմիկին, Ազգային վարչութեան անդամ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեանի եւ ազնուափայլ Տիկնոջ՝ Արփիի, ինչպէս նաեւ շրջանի հոգեւոր, ազգային, կրթական մարմիններու, պատասխանատուներու, բարերարներու եւ բարեկամներու: 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղղուած բարի գալուստի մաղթանքէն ետք, բարի երթի մաղթանք կատարուեցաւ ընթացաւարտ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի, ապա Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետի կոնդակի ընթերցմամբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշան շնորհեց համայնքի կեանքին մէջ ծառայութեան վաստակ ունեցող երկու ազգայիններու՝ Ազգ. երեսփոխան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի եւ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Կարպիս Պէզճեանի: 

Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Տիկին Ծովիկ Տէրունեան, հանդիսավարուհի տիկին  Նանօր Էքմէքճեան, Հայր սուրբի բարեկամ՝ Տիար Դրօ Աւետեան, յանուն Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի՝ 8-րդ կարգի աշակերտուհիներէն Սարին Անտոնեան, Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան, Տէր Արցախ, որ նաեւ Սմբատ Հայր սուրբին փոխանցեց հոգաբարձութեան յիշատակի նուէրը, ապա խօսք առաւ ինք՝ Հայր սուրբը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին ու իրեն յանձնուած յիշատակի նուէրին: 

Պաշտօնական ճաշկերոյթի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ հնգօրեայ իր այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի համայնք որակեց «ծառայութեան համանուագ», նկատի ունենալով, որ հովուական այս այցելութեան ծրագիրը բեղուն է ազգի ու Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի ծառայութեան նուիրուած հոգեւոր, ծխական, կրթական եւ ղեկավար անձերու ու կազմերու հետ հանդիպում-գնահատանքով: Այս առումով ան նաեւ ի սրտէ շնորհաւորեց համայնքն ու կամաւորաբար ծառայող բոլոր նուիրեալները, այլեւ գնահատեց պարգեւատրեալներն ու պատասխանատուները իրենց տարած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց  Հայր սուրբին ծառայութիւնը եւ անոր մաղթեց բարի երթ, ապա հրաւիրեց Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանը, որպէսզի Ազգ. Առաջնորդարանի անունով յիշատակի նուէր փոխանցէ Հայր սուրբին: Հուսկ, Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց ընթացաւարտ Հայր սուրբին, բարի գալուստ եւ բարի ծառայութիւն՝ նորանշանակ Տէր Արցախ Քահանային, ինչպէս նաեւ նոր վերելքներ ու յաջողութիւն շրջանի համայն հայութեան եւ անոր եկեղեցաշէն ու ազգանուէր ծրագիրներուն:  

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 4 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սան Ֆրանսիսքօ իր հովուական այցելութիւնը եզրափակեց այցելելով Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարան, ուր ընդունուեցաւ տնօրէնուհի՝ Տիկին Կրէյս Անտոնեանի կողմէ, ընկերակցութեամբ Սմբատ Վարդապետի, Տէր Արցախի եւ Տիար Այնթապլեանի: Այս առիթով Գեղամ Արքեպիսկոպոս շրջեցաւ վարժարանէն ներս եւ զրոյցներ ունեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգի աշակերտներուն հետ, ապա ճաշի հիւրը եղաւ վարժարանի մեծ ընտանիքին, որ տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութիւն համախմբած մէկ երդիքի տակ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր յայտնեց իր երախտագիտութիւնը եւ ականջ տուաւ անոր գօտեպնդիչ խօսքերուն ու խրատական մաղթանքներուն, ապա հաղորդուեցաւ անոր հայրական օրհնութիւններով:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Լոս Անճելըս վերադարձաւ Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբերին: