image

Մեր ըրածը հողերու պաշտպանութեան համար է. Հոգշ. տ. Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեան

Մեր  ըրածը  հողերու  պաշտպանութեան համար է. Հոգշ. տ. Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեան

 Օրերս որոշ  «աղմուկ»ի պատճառ դարձած եւ «Կովերու տարածք» անունով յայտնի հողամասին ու տեղին վերաբերեալ  կատարուած գործարքին  մասին  կարեւոր  տեղեկութիւններ տուած է  Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի Կալուածոց Տեսչութեան պատասխանատու, Միաբանութեան անդամ ՝ Հոգշ Տ. Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեանը։

 Վարդապետը խօսած է ԱՄՆ հրապարակուող The Mirror-Spectator-ին եւ «Արեւելք»  առաջնորդուելով  նման կարեւոր խնդրի  մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու նախանձախնդրութիւնէն ստորեւ թարգմանաբար   կը ներկայացնէ  կարեւոր հատուածներ նշեալ հարցազրոյցէն։  

 

 Ըստ պարբերականին Հոգշ. Տ. Պարէտ ծ. վրդ. Երէցեան նշած է, որ Հայոց պատրիարքարանը կալուածներ ունի Երուսաղէմի, Թել Աւիւի, Եաֆայի, Բեթղեհէմի եւ շատ այլ վայրերու մէջ: «Մեզի համար ամենակարեւորը այն է, որ այս հողերը դատարկ չմնան: Երբ անոնք թափուր մնան, բոլորի հայեացքը կ'ուղղուի այդ կողմ: Ներդրումները մեզի համար ամէնէն կարեւոր միջոցներն են ապահով պահելու մեր հողերը եւ մեր պատրիարքարանի ապագան»,- ըսած է հայր սուրբը:

Ան շարունակած է, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին, կալուածներու վերաբերեալ աւելի քան 20 դատ յարուցուած է, որովհետեւ վարձակալները փորձած են խուսափիլ վճարումներէն, շատեր Հայոց Պատրիարքարանի կալուածը վարձակալութեան տուած են ուրիշներուն առանց  Պատրիարքարանի թոյլատւութեան, իսկ ուրիշներ փորձած են ուղղակի իւրացնել հողը, եւ այս բոլորի  դիմաց գրեթէ բոլոր դատերը շահած է Պատրիարքարանը: 

Անդրադառնալով Պատրիարքարանի նիւթական վիճակին,  Հայր Պարէտ պնդած է, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը իր ամէնէն լաւ վիճակի մէջն է բաղդատմամբ անցնող քանի մը տարիներուն եւ ան կը վերադարձնէ իր նախկին ունեցուածքը: Յամենայն դէպս Իսրայէլի կառավարութիւնը օրէնք մը ընդունած է, որ կը պաշտպանէ Պատրիարքարանի պատկանող տուներու մէջ բնակող հայ վարձակալներուն «վարձակալութեան իրաւունքները»։ Այդ բնակարանները հայերուն տրուած էին տարեկան նուազագոյն վարձով, սակայն այս օրէնքին համաձայն, վարձակալները իրաւունք կը ստանան նոյնիսկ վաճառելու այն տունը, ուր կ'ապրին, եթէ անիկա կը գտնուի հայկական միաբանութենէն դուրս: Ան աւելցուցած է, որ Պատրիարքարանը մինչեւ հիմա ետ գնած է 4 կամ 5 տուն: «Ես կ'ուզեմ ըսել, որ մենք մեր կարելին կ'ընենք մեր ունեցուածքը պահպանելու համար»:

Հայր Երէցեան  խօսելով հիւրանոցի մը կառուցման  ծրագրին մասին Պատրիարքութեան համաձայնութիւնը ըսած է, թէ Պատրիարքարանը որեւէ օգնութիւն չըստանար արտասահմանէն եւ կարիքը ունի աւելցնելու իր եկամուտի աղբիւրները,- «Մենք կ'ուզենք, որ մեր վանքը ըլլայ ինքնաբաւ եւ կարենայ հոգալ մեր բոլոր ծախսերը: Մենք ունինք հարիւրաւոր աշխատակիցներ: Ամէնօրեայ դրութեամբ  օրուայ ճաշ կը պատրաստուի հարիւրաւոր մարդոց համար: Մենք ունինք դպրոց, մատենադարան եւ գրադարան, որոնք պէտք է պահպանուին»:Ան շարունակած է. «Մենք մեր կարելին կ'ընենք: Ինչ կը վերաբերի իմ պաշտօնավարման շրջանիս, որեւէ գումար չէ կորսուած: Մեր ըրածը ներդրում է եւ մեր հողերու պաշտպանութիւն»:

Հարիւրաւոր տարիներ Երուսաղէմի միաբանութիւնը պահպանած է իր իրաւունքները եւ այդ կապ չունի, թէ ինչքան է  Երուսաղէմի մէջ ապրող հայորդիներուն ընդհանուր թիւը։ 

Ըստ Հայր Սուրբին այսօր Երուսաղէմի մէջ հայութեան թիւը կը գնահատուի ունի մինչեւ 1500-ով: «Մեր սուրբ պարտականութիւնն է շարունակել պահպանել մեր իրաւունքները: Այս պատճառով մենք պէտք է ամրապնդենք այս միաբանութիւնը եւ նիւթապէս դարձնենք անկախ»: