image

«Բարերար գաղութ»ի արժանի կոչում. Գերշ. Տ. Գեղամ արք. հաւաքի մը ժամանակ կարեւոր գնահատականներ հնչեցուց

 «Բարերար  գաղութ»ի արժանի կոչում. Գերշ. Տ. Գեղամ  արք. հաւաքի մը  ժամանակ կարեւոր  գնահատականներ հնչեցուց

 

 Կարեւոր  եւ ազգաշէն  առաքելութեան կոչուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիլիկեան Աթոռի ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի   բարեջան Առաջնորդ՝  Գերշ. Գեղամ արք. Խաչերեանը։ 

Սրբազան Հայրը, որ օրերս ի մի բերած է  գաղութի  ազդեցիկ եւ  գործունեայ անձնաւորութիւնները վեր  առած է թեմի  կարեւորութիւնը մեր իրականութիւնէն ներս։

Գերշ. Տ.  Գեղամ արք,որ  գաղութի ներուժին մասին արտայայտուելով Արեւմտեան Թեմը որակած է, որպէս «Բարերար գաղութ» իր արտասանած խօսքին մէջ  վեր առած է ամերիկահայութեան նուիրական մօտեցումը    բարձր գնահատելով   Հայաստանի, արցախահայութեան ու նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի  հայագաղութներուն  տագնապներուն դիմաց  արագ  գաղութային  շրջանակներու եւ անձնուէր բարերարներուն արձագանքն ու նուիրուածութիւնը։

Այստեղ հարկ կը համարենք նշել, որ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի վերջին շրջանի  փայլին, վերելքին ու նաեւ  կեդրոնաձիգ  ներուժ մը դառնալու  գործին մէջ   «սպիտակ ձեռքեր» ունեցած է   Թեմի նախկին առաջնորդ   եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կարող ու երիտասարդ  եպիսկոպոսներէն՝  Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տօնոյեանը, որուն  յարաճուն  ճիգերուն շնորհիւ  գաղութը  կարողացաւ   մշտապէս  հունաւորել ու երիտասարդացնել իր առաքելութիւնը։

 

 «Արեւելք»

 Ստորեւ   տեղի ունեցած   ձեռնարկին  լրատւութիւնը, որ   հրապարակուած է  Թեմի Դիմատետրեան էջին  մէջ։

 

Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան շքեղօրէն վերանորոգուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի հետ ծանօթացման մտերմիկ հանդիպում, որուն ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան անդամներ, Հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչ Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Ազգ. Առաջնորդարանի նուիրատուներ, բարերարներ, Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներ:

Յանուն Հոգեւորականաց դասուն, երեկոյի բացման խօսքը կատարեց Տ. Վիգէն Աւ. Քահանան եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա, առ ի ծանօթացում՝  ան  ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազան Հօր կենսագրականը, որ բեղուն էր առաջնորդական ծառայութեան տարիներով՝ ի Լիբանան, Յունաստան եւ ներկայիս ալ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ: Աւագ Քահանայ Հայրը իր խօսքը համեմեց նաեւ Սրբազան Հօր իր ծանօթացման կապուած անձնական յուշի պատումով եւ շեշտեց  Գեղամ Արքեպիսկոպոսի իմացութիւնը շարք մը լեզուներու՝ վեր առնելով անոր բազմալեզու մշակոյթներու ծանօթութիւնն ու անարգել նաւարկումը Միջին Արեւելքէն մինչեւ եւրոպական ոստաններ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: 

Ազգային Վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետ՝ Տիար Վահէ  Յովակիմեան,  որ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Առաջնորդ ընտրութենէն միայն ամիսներ ետք կարելի եղաւ կազմակերպել ծանօթացման այս ձեռնարկը, թուելով հիմնական երկու պատճառ. առաջին՝ որ Սրբազան Հայրը տակաւին կը վարէր Յունաստանի առաջնորդութիւնը, հետեւաբար Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ ընտրութենէն ետք ստիպողաբար Յունաստան վերադարձաւ կիսատ մնացած աշխատանքները աւարտելու, եւ երկրորդ՝ որ սրահի վերանորոգման աշխատանքները իրենց աւարտին չէին հասած եւ այսպիսի ձեռնարկ մը Ազգային վարչութիւնը հարկ նկատեց կատարել Ազգային Առաջնորդարանի մէջ: 

Այնուհետեւ, Տէր Վիգէն հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ փոխանցէ իր սրտին խօսքը: Ջերմ ծափահարութիւններու տարափին տակ Գեղամ Արքեպիսկոպոս ողջունեց՝ իր բառերով՝ Արեւմտեան Թեմի սիւնը հանդիսացող բարերար ազգայինները եւ ըսաւ, որ իր առաջնորդական աշխատանքի սկզբնական եւ հիմնական բաժինը այս ձեռնարկով կ՛ամբողջացայ, նկատի առած, որ անցնող 19 Ապրիլին Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր եւ աշխարհիկ երեսփոխանները զինք ընտրելէ ետք այս շրջանի Առաջնորդ, ինք ստիպողաբար վերադարձած էր Աթենք՝ առկախ մնացած կարգ մը աշխատանքներ իրենց լրումին հասցնելու նպատակով, իսկ Ազգ. Առաջնորդարան վերադարձին նախաձեռնած հովուական առաջին այցելութեանց, դէպի ծխական շրջաններ ու վարժարաններ եւ թէ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի աջակից բարերարներու հետ ներկայ հանդիպմամբ ահա՛ եւ կ՛ամբողջանայ Արեւմտեան Թեմի հետ ուղղակի առնչուող բաղադրիչ խումբերու հետ ծանօթացման փուլը: 

Ակնարկելով ծխական շրջաններ կատարած իր հովուական այցելութիւններուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարերարներուն ըսաւ. «Ձեզ տակաւին չճանչցած, ձեր եւ ձեր նմաններուն շինարար մատնահետքերը վայելեցի ո՛ւր որ գացի», ապա այս իմաստով դրուատեց  ներկայ եւ բացակայ նուիրատուներն ու բարերարները, միաժամանակ անդրադարձաւ նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ազգ. Վարչութեան ու Կրօնական ժողովի ճիգերով գեղազարդուած սրահին՝ բացատրելով, որ սրահի աջ կողմի վրայ շարքով զետեղուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յաջորդական Հայրապետներուն մեծադիր նկարները՝ առաջին Կաթողիկոսէն մինչեւ ներկայի Սրբազնագոյն Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետ, որոնց «համախումբ ներկայութիւնը այս սրահին մէջ մեզ մեր արմատներուն կառչած կը պահէ», իսկ սրահի ձախին՝ Արեւմտեան Թեմի բարեջան ու շինարար Առաջնորդ Սրբազաններուն նոյն չափի դիմանկարները «մեզի կը յուշեն այս շրջանի բազմաբեղուն գործունէութիւնը, գետնի վրայ տարուած աշխատանքներն ու Արեւմտեան Թեմի յիսուն մէկ տարուան կեանքը, որուն պատմագիրները դուք էք, սիրելի՛ բարերարներ, իսկ մենք՝ Առաջնորդներս, վկաներն ենք ձեր ներդրումով կերտուած այս Թեմի պատմութեան», աւելցուց ան:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ  հաստատեց, որ շնորհիւ շրջանի նուիրատուներուն, ազգաշէն, եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն բարերար ազգայիններուն, անդադար ծաղկունք ապրող եւ իր գործունէութեամբ բոլոր համայնքները առինքնող Արեւմտեան Թեմը իրաւունքը վաստկեցաւ Կիլիկեան Թեմերու մէջ «Բարերար Թեմ» կոչուելու: 

Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը նաեւ մեծապէս գնահատեց հրաւիրեալները Ազգ. Առաջնորդարանի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած վստահութեան համար՝ նշելով. «Դուք վստահեցաք իրարայաջորդ Առաջնորդ Հայրերու, իսկ մենք՝ Առաջնորդներս, հաւատարմութեամբ արժեւորեցինք ձեր վստահութիւնը անցնող բոլոր տարիներուն եւ մինչեւ օրս, որովհետեւ ձեր վստահութիւնը մեզի, եւ մեր հաւատարմութիւնն ու յանձնառու վերաբերումը մեզի՛ շնորհուած ձե՛ր վստահութեան, լաւագոյնս կ՛ամբողջացնեն զիրար իբրեւ դրական արդիւնքներ ու նորանոր յաղթանակներ»: 

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յոյն փիլիսոփայ եւ մաթեմաթիքոս Արքիմիտէսի նշանաւոր մէկ խօսքը փոխ առնելով՝ ըսաւ. «Ազգային Առաջնորդարանը այն յենարանն է, ուր մենք՝ միասնաբար, ձեռք-ձեռքի, կրնանք աշխարհը շարժել», ապա  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, իրենց ներկայութեան համար:    

Յայտնենք, որ ձեռնարկի նախօրեակին, Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին, հրաւիրեալները վայելեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ յիշատակի նկարներ ունենալու երջանիկ պատեհութիւնը։