image

ՀՄԸՄ-ի Հանրային կապերու մարմինին կազմակերպութեամբ. Հանդիպում-ընդունելութիւն` հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու

ՀՄԸՄ-ի Հանրային կապերու մարմինին կազմակերպութեամբ. Հանդիպում-ընդունելութիւն` հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու

ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակցութեան համար Երեւան ժամանած ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջաններու պատասխանատուներու ներկայութենէն օգտուելով, ուրբաթ, 15 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հանրային կապերու մարմինը ծանօթացման հանդիպում-ընդունելութիւն մը կազմակերպեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար:

Հանդիպումը կը նպատակադրէր 106-ամեայ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը եւ անոր 35-ամեայ հայաստանեան կազմակերպութիւնը` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը մօտէն ծանօթացնել հայրենի բանաւոր, գրաւոր թէ ելեկտրոնային մամուլին եւ փոխադարձ կապեր հաստատել ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Հանդիպում-ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ «Քոնկրես» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ 15 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներու:

Հանդիպումին կազմակերպիչ մարմինին անունով ներկաները ողջունեց եւ կարճ տեսանիւթով մը ՀՄԸՄ-ի հանրային կապերու համակարգը ներկայացուց Նժդեհ Մկրտիչեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ սովորականէն տարբեր հաւաք մըն է ասիկա, որովհետեւ այստեղ հաւաքուած` ոչ աշխատանքային հանդիպում մը կ՛իրականացնենք` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան նպատակները ծանօթացնելու եւ առաքելութեան գլխաւոր առաջադրանքները պարզելու համար: Հանդիպումը առիթ մըն է 106-ամեայ այս միութեան զանազան շրջաններու աշխատանքներու ծանօթացման եւ փոխադարձ գործակցութեան կապերու հաստատման:

Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Արթուր Մկրտչեան: Ան ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման պատմականը` շեշտելով, որ ՀՄԸՄ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն ունեցաւ կարճատեւ, սակայն երախտաշատ գործունէութիւն, ապա` 70 տարուան տարագրութենէ ետք, ան հայրենիքի մէջ վերընձիւղուեցաւ 2 դեկտեմբեր 1989-ին, երբ տակաւին Հայաստան անկախ չէր: «Այսօր, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը 35 տարեկան է», հաստատեց Մկրտչեան` յիշեցնելով, որ 1996 թուականէն ի վեր, իբրեւ Հայաստանի Ազգային սկաուտական կազմակերպութիւն (ՀԱՍԿ), ՀՄԸՄ հայրենի սկաուտութիւնը կը ներկայացնէ Համաշխարհային սկաուտական շարժումին մօտ:

Ա. Մկրտչեան նշեց, որ իբրեւ սկաուտական շարժում, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ կը նպատակադրէ պատրաստել կիրթ, ազնիւ, բնապահպան, ազգասէր ու հայրենասէր սերունդ մը, որ ըլլայ տէր ու պահապան մարդկային արժանիքներու եւ ազգային արժէքներու:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը եւ պատմական երթը ծանօթացնող տեսանիւթ մը:

Հանդիպում-ընդունելութեան վերջին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ հանրային կապերու պատասխանատու Վիգէն Աւագեան: Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի եզակի միութիւն մը ըլլալու հանգամանքին` դիտել տալով, որ`

ա. ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան վրայ արեւը մար չի մտներ: Ան կը գործէ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 26 երկիրներու 115 քաղաքներու մէջ:

բ. Ունի 106 տարուան պատմութիւն ու աւանդ: Նորանկախ Հայաստանի հնագոյն պատանեկան-երիտասարդական միութիւնն է, որ հիմնուած է նախքան անկախութեան հռչակումը եւ այսօր 35 տարիէ ի վեր ունի անընդմէջ գործունէութիւն:

գ. Ունի տարբեր միջավայրերու մէջ գործելու փորձառութիւն (Պոլսոյ թաղերէն Գիւմրիի որբանոցները, սփիւռքեան հիւղաւաններէն արեւմտեան հսկայական քաղաքներ, հասնելու համար մայրաքաղաքներ Ստեփանակերտ, Երեւան, Թիֆլիս, Մոսկուա եւ այլուր):

դ. Ունի կամաւոր սկզբունքով գործելու իւրայատկութիւն:

ե. Ունի երեք ճիւղով` սկաուտական, մարզական եւ վարչական աշխատանքներու ճամբով սերունդ կերտելու առաքելութիւն:

զ. Ունի միջազգային ճանաչում (Համաշխարհային սկաուտական շարժումին մօտ) եւ մեծ վարկ ու հեղինակութիւն (գործող երկիրներու սկաուտական եւ մարզական ֆետերասիոններուն ու տեղական շրջանակներուն մօտ):

Ապա, իր խօսքը ներկայ հիւրերուն ուղղելով, Աւագեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄ եւ զանգուածային լրատուամիջոցներ նոյն գործը կը կատարեն տարբեր միջոցներով: Երկուքն ալ կը զբաղին քաղաքացիական դաստիարակութիւն ջամբելու եւ գիտակցական մտածողութիւն կերտելու աշխատանքով: Երկուքն ալ սերունդ ու միտք կը պատրաստեն, հետեւաբար ան կենսական նկատեց երկուքին գործակցութիւնը, մէկ կողմէ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն արձագանգումի կարելիութիւնները ընդլայնելու, իսկ միւս կողմէ լրատուամիջոցներու աշխատանքին շահագրգռութեան ծիրը ընդարձակելու եւ ՀՄԸՄ-ի համակիր լայն զանգուածին հասնելու համար:

Խօսքերուն յաջորդեց ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն եւ զրոյց` ներկայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն միջեւ: Հիւրերը հանդիպումէն մեկնեցան ՀՄԸՄ-ի հանրային կապերու մարմինին կողմէ տրամադրուած նուէրներով (ՀՄԸՄ-ի թանգարանին ալպոմ-յուշամատեանը, ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան մասին յաճախ հարցուող հարցում-պատասխաններու պրոշիւրներ եւ յատուկ «Եու.Էս.Պի.»-ներ, որոնք ընդգրկեցին ՀՄԸՄ-ական գրականութեան, պատմութեան գիրքերու, միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի «Փի. Տի. Էֆ.» օրինակներ, տեսանիւթեր եւ ՀՄԸՄ-ի հանրայնացման անհրաժեշտ նիւթեր):