image

Ռուսիան հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Ուքրանիոյ

Ռուսիան հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Ուքրանիոյ

Հինգշաբթի՝ նոյեմբեր 21-ի առաւօտեան, Ռուսիան հրթիռային յարձակում կատարած է Ուքրանիոյ վրայ։ Ուքրանական ռազմաօդային ուժերը յայտնած են քանի մը հրթիռի մասին, որոնք արձակուած են Քիեւի, Տնեփրի, Փոլթաւայի շրջաններու ուղղութեամբ։

Ենթադրաբար, Х-101 թեւաւոր հրթիռներն արձակուած են Ту-95 օդանաւէ Էնկելսի շրջանին մէջ՝ նշած են Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը։

Բացի այդ՝ ուքրանական ռազմածովային ուժերու տուեալներով՝ Սեւ ծովուն մէջ եղած է 5 «Քալիպր» հրթիռակիր՝ մինչեւ 28 հրթիռի ընդհանուր համազարկով։ Ամբողջ Ուքրանիոյ մէջ օդային տագնապ յայտարարուած է:

Ուքրանիոյ շարք մը շրջաններու մէջ կ՚իրականացուին ելեկտրականութեան վթարային անջատումներ։ Հրթիռակոծութենէն մէկուկէս ժամ անց Ուքրանիոյ արեւմտեան շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Քիեւի մէջ ահազանգերը չեղեալ յայտարարուած են։ Երկրի մնացած տարածքին մէջ սպառնալիքը պահպանուած է։