image

Մեղադրանքներ Ատրպէյճանին Ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին, իսրայէլական ողկուզային ռումբ օգտագործելուն համար

Մեղադրանքներ Ատրպէյճանին Ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին, իսրայէլական ողկուզային ռումբ օգտագործելուն համար

«BBC Arabic» կայքը կը գրէ.

Ներումի Միջազգային կազմակերպութիւնը «Amnesty International» մեղադրած է Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ վիճելի Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ, քաղաքացիկան բնակավայրերուն մէջ ողկուզային ռումբեր օգտագործելուն համար:

Կազմակերպութիւնը յայտնած է, թէ իսրայէլական արտադրութեան ռումբեր նետուած են մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վրայ:

Կազմակերպութեան խօսնակ Տենիզ Կրիւոշեւը աւելցուցած է նաեւ, թէ իրեն զարմանք պատճառած է նման զէնքի գործածութիւնը, որոնք իրենց բնոյթով խտրական չեն:

Ողկուզային (Քլասթերային) ռումբերը Միջազգային պայմանգրով արգիլուած են, սակայն երկու երկիրներէն (Հայաստան եւ Ատրպէյճան) ո՛չ մէկը ստորագրած է համաձայնագիրը:

Բրիտանական «Daily Telegraph» թերթը հաղորդած է, թէ շաբաթավերջին ողկուզային ռումբեր օգտագործուած են Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ահաւոր հրթիռակոծումներու ժամանակ:

Ողկուզային ռումբերը հարիւրաւոր փոքր ռումբեր կը պարունակեն, որոնք լայն տարածութիւններով կը պայթին եւ կրնար բազմաթիւ վիրաւորներ պատճառել, եթէ մարդաշատ վայրերու մէջ օգտագործուին: