image

Վրաստանը մարած է իր «պատմական պարտքը» Ատրպէյճանին. Ելեւմուտի նախարարութիւն

Վրաստանը մարած է իր «պատմական պարտքը» Ատրպէյճանին. Ելեւմուտի նախարարութիւն

Վրաստանի ելեւմուտի նախարարութեան տուեալներով՝ Վրաստանը մարած է իր «պատմական պարտքը» Ատրպէյճանին։

Սեպտեմբերին Վրաստանն ամբողջութեամբ մարած է 2004 թուականի յուլիսին Փարիզի ակումբի վարկատուներու հետ կնքուած համաձայնագրի համաձայն վերակառուցուած արտաքին պարտքի մնացած մասը։

Ատրպէյճանէն բացի, պարտքեր մարուած են նաեւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ղազախստանին, Հայաստանին, Իրանին եւ Հոլանտային։

Բոլոր պարտքերը կը վերաբերին Վրաստանի անկախութենէն ետք առաջին տարիներուն ստանձնած արտաքին պարտաւորութիւններուն։

Վճարումները կը ներառէին 1999 թուականէն առաջ ձեւաւորուած 160 միլիոն տոլարի պարտք, 1999 թուականէն մինչեւ 2004 թուականի մայիսը կուտակուած պարտաւորութիւններու տոկոսներ եւ 2004-2006 թուականներուն վճարման ենթակայ պարտքեր՝ համաձայն նախապէս հաստատուած ժամանակացոյցի։

Վճարումներու ընդհանուր գումարը գերազանցած է 225 միլիոն տոլարը։