image

Մայր Աթոռը չի պատրաստուիր բողոքի հաւաքը կանխարգիլել

Մայր Աթոռը չի պատրաստուիր բողոքի հաւաքը կանխարգիլել

Մայր Աթոռը պատրաստութիւններ չի ձեռնարկեր՝ Պոլսոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Տէր Արամ Արք. Աթէշեանի Հայաստան այցելութեան առթիւ կազմակերպուող բողոքի ցոյցերը կանխելու կամ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը: Այս մասին armtimes-ի հետ զրոյցին յայտնած է Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քահանայ Մելիքեանը: Քահանայ հայրը նաեւ նշած է, որ պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդի այցի առթիւ բողոքի երթեր նախաձեռնելը մարդոց իրաւունքն է. «Մենք ոչ կանխարգիլելու խնդիր ունինք, ոչ ալ դիմադրութիւն ցոյց տալու: Անձի ապահովութիւն ապահովելու խնդիր չենք տեսներ»,- ընդգծած է Տէր հայրը:

Յիշեցնենք, որ Արամ Արք. Աթէշեանը Հայաստան պիտի այցելէ մասնակցելու Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն, ինչպէս նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի՝ Հայաստան այցելութեան առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն:

Երէկ, այցելութեան լուրի հրապարակումէն ետք, խումբ մը քաղաքացիներ անմիջապէս նախաձեռնած են «Թոյլ չենք տար Արամ Աթէշեանին Հայաստան մտնել» անունով միջոցառում՝ կոչ ընելով 22 յունիսին ժամը 13:00-ին մեկնիլ «Զուարթնոց» օդակայան՝ Աթէշեանի մուտքը արգիլելու համար: 

Նշենք նաեւ, որ Աթէշեանի Հայաստան այցի  օրը տակաւին չէ յայտարարուած: