image

Ռուսաց լեզուն պիտի չհանուի դպրոցական ծրագրէն. Civilnet-էն փաստագրում

Ռուսաց լեզուն պիտի չհանուի  դպրոցական ծրագրէն. Civilnet-էն փաստագրում

Դիմատետրեան բազմահազար հետեւորդներ ունեցող էջեր կը տարածեն գրառումներ՝ պնդելով, թէ «Ռուսաց լեզու» առարկան ամբողջութեամբ պիտի հանուի դպրոցական ծրագիրէն։

Այս գրառումները բաւական տարածում ստացած են։ Մեկնաբանութիւններով օգտատէրերը «լուր»ին արձագանգած են՝ «սխալ որոշում», «յիմարութիւն», «կրթական համակարգը տապալուած է» եւ այլ բացասական գրութիւններով։

Մինչդեռ, երբ կը բանանք գրառումներուն կցուած յղումները, կը պարզուի, որ դիմատետրեան էջերը իրականութեան չհամապատասխանող լուրեր կը տարածեն։ Նոյնիսկ յօդուածներու վերնագիրները՝ ««Ռուսաց լեզու» առարկան դպրոցներում պարտադիր կարգավիճակից անցել է ըստ ցանկութեան», կը հակասեն գրառումներու բովանդակութեան։

Դիմատետրեան էջերը աղաւաղած են լրատուամիջոցի լուրը

Այսպէս, կցուած յօդուածներոն մէջ մէջբերուած է «Sputnik Արմենիա»-ի աւելի վաղ հրապարակած յօդուածը, ուր լրատուամիջոցը գրած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան օտար լեզուներու դասաւանդման առնչուող շրջաբերականի մասին, ըստ որու՝ ուսումնական հաստատութիւններու շարք մը դասարաններուն համար «Ռուսաց լեզուն» հիմնական (պարտադիր) կարգավիճակէն անցած է օտար լեզուի կարգավիճակի (ըստ ցանկութեան)։ Սակայն ըստ պետական չափորոշիչի՝ «Ռուսաց լեզուն» դեռ կը մնայ դասաւանդուող առաջին եւ պարտադիր օտար լեզուն։

Կրթութեան փորձագէտ Սերոբ Խաչատրեան «Sputnik Արմենիա»-ի հետ զրոյցին նշած է, որ կատարուող փոփոխութիւնները էական չեն։

«Դա էական փոփոխութիւն չէ, քանի որ Հանրակրթութեան պետական չափորոշիչն աւելի բարձր մակարդակի փաստաթուղթ է, քան ուսումնական պլանը (ծրագիրը)։ Այնտեղ յստակ գրուած է, որ 2-րդ դասարանում դասաւանդւում է 1 օտար լեզու, եւ այդ օտար լեզուն ռուսաց լեզուն է։ 3-12–րդ դասարաններում երեխաներն անցնում են 2 օտար լեզու, որոնցից մէկը ռուսաց լեզուն է։ Այսինքն բուն չափորոշիչների առումով որեւէ խնդիր չկայ»,– ըսած է ան աւելցնելով, որ խնդիր կրնայ առաջանալ ժամաքանակներու հետ կապուած։ Այսինքն՝ դպրոցը կրնայ որոշել աւելի շատ ժամ տալ, օրինակ, Անգլերէնին, քան Ռուսաց լեզուին։ Այդ կը ձգուի դպրոցներու տնօրէններու հայեցողութեան։

Այսպիսով, դիմատետրեան էջերը սխալ լուրեր կը տարածեն «Ռուսաց լեզու» առարկայի՝ դպրոցական ծրագիրէն ամբողջութեամբ հանուելու վերաբերեալ։ Նոյնիսկ գրառումներուն կցուած յօդուածին մէջ այլ բան գրուած է։

 

Նիւթը՝ Civilnet-էն, Անի Գրիգորեան