image

Պատերազմը եւ հաւաքական ընկճախտը

Պատերազմը եւ հաւաքական ընկճախտը

Ժողովուրդին հաւաքական հոգեբանական ապրումներէն այս բոլորին պատճառած trauma-ն թօթափելու համար անպայման որ երկարատեւ, թերեւս դարեր երկարող խաղաղութիւն անհրաժեշտ է, որպէսզի անոնց թողած ազդեցութիւնը եւ յիշողութիւնը ընդհատուի եւ վերանայ: Խաղաղութիւն պէտք է մեզի որպէսզի տնտեսութիւնը բարգաւաճի, պետութիւնը հզօրանայ: Պետութեան հզօրացումով, խաղաղութեան հաստատումով եւ տնտեսութեան բարգաւաճումով միայն կարելի կը դառնայ երկրէն հեռացած զանգուածներուն, թերեւս դանդաղ, սակայն հաստատակամ վերադարձը: 

Մեզի, երկրին այս իրական տարածքին վրայ ապրող եւ բարգաւաճող մարդիկ պէտք են: Այս հողակտորն է իրականը, զոր պէտք է պահպանենք, բազմամարդ դարձնենք: Մեզմէ գերազանց ուժեղներու դէմ սին լոզունգներով երկիր չի պահուիր մանաւանդ երբ ազգին երեք քառորդը երկրէն դուրս կ՚ապրի եւ կը շարունակուի արտագաղթը եւ այդ սին լոզունգները բարձրաձայնողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը երկրին մէջ չի գտնուիր: 

«Ֆիլատելֆիայէն կը վերադառնայի ուր գացած էի մոլութիւն եւ trauma-ի նիւթերու շուրջ դասախօսութիւն մը տալու: Վանքուվըր հասնելէ տաս վայրկեան առաջ, հեռախօսէս երկտող մը ղրկեցի կնկանս որ հասնելիք եմ: Կինս միշտ անձամբ կը դիմաւորէր զիս օդակայանի մուտքին: Վայրէջքէն ետք ստացայ նամակ մը, թէ հիմա դուրս պիտի գար տունէն, կը սպասե՞մ տաս վայրկեան եւս,  թէ՞ թաքսի մը կը վարձէի: Թաքսիով կու գամ պատասխանեցի: Տուն հասնելէս ետք, հազիւ հարեւանցի բարեւ մը տուի ու անխօս մտայ խոհանոց, պատառ մը բան կերայ ու անցայ ննջասենեակս: Սրտնեղած էի: Այդպէս խռոված մնացի մինչեւ յաջորդ օրը, երբ կինս բարկացած ըսաւ - լա’ւ, հերի’ք է երեխայութիւն ընես- »: 

Այսպէս կը սկսի Գանատացի բժիշկ եւ հետազօտող Gabor Mate իր The Myth of Normal գիրքը, պատմելով իր անձնական մանկութենէն դրուագ մը: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի օրերուն, երբ ինք   դեռ մէկ տարեկան երեխայ էր, մայրը զինք փրկելու համար հրեաներուն դէմ սկսած հալածանքներէն, կը վստահի քրիստոնեայ կնկայ մը, որ Հունգարիայէն դուրս բերելով զինք, կը հասցնէ Զուիցերիա, ուր համեմատաբար աւելի ապահով էր հրեաներուն համար եւ կը յանձնէ իրենց ծանօթ ընտանիքի մը: Վեց ամիս ետք, Կապորի ծնողքը կը յաջողի հասնիլ Զուիցերիա: Այդ վեց ամսուայ բաժանումը հոգեբանական մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ փոքրիկն Կապորի վրայ, այդ ժամանակաւոր լքուածութեան եւ մայրական խանդաղատանքի բացակայութիւնը պիտի առյաւէտ մնար իր հետ եւ մերթ ընդ մերթ երեւան գար ու տխրութեամբ համակէր զինք: Կնկան օդակայան չգալը այդ պահերէն մէկն էր: 

Հեղինակը իր այս գրքին մէջ մանրամասնութեամբ ու հանգամանօրէն կ’՚արծարծէ բազում երեւոյթներ մարդու կեանքին մէջ, սկսած նոյնիսկ իր մօր արգանդէն մինչեւ հասուն տարիքը, որոնք կրնան trauma-ներ գոյացնել եւ հոգեբանական խոր եւ բացասական ազդեցութիւններ թողնել ենթակային վրայ: Ընտանեկան բռնութիւնները, այր ու կնկան միջեւ վէճերը, նիւթական նեղութիւնները, բոլորը կնկան ուղեղին մէջ կը պատճառեն հորմոններու հոսք, մկանային մարմնի տարբեր մասերու պրկումներ, ընկճուածութիւն եւ այլ ազդեցութիւններ, որոնք անխուսափելիօրէն վատ հետեւանքներ կ՚ունենան արգանդին մէջ աճող երեխային վրայ: Համաշխարհայնացման այս դարուն, երբ սպառողական հասարակութիւն ձեւաւորուած է գրեթէ ամէն տեղ, ուր կը գերիշխէ նիւթականի համար աննախընթաց վազքը, գիւղէն դէպի քաղաքներ հոսքը, ամուսնալուծումները դարձած են սովորական եւ համատարած: Երեխայի հոգեկան ներաշխարհին, բնաւորութեան, նկարագրին եւ նոյնիսկ առողջութեան վրայ որքա՞ն բացասական կ՚անդրադառնայ այդ բոլորը, դժուար չէ կռահելը, որովհետեւ մարդկային մարմինը տիեզերք մըն է, ուր միլիառաւոր բջիջները իրար հետ փոխկապակցուած են։ Հետեւաբար stress-ները եւ trauma-ները, որոնք ներգործութիւն կ՚ունենան ուղեղին եւ տարբեր օրգաններու վրայ, շղթայական ներգործութիւն կ՚ունենան ամբողջ համակարգին վրայ: Նոյնպէս հասարակութեան եւ ժողովուրդներուն հաւաքական մտածողութեան, մշակութային, ֆիզիքական, ընկերային, առողջապահութեան վրայ բացասական հետեւանքներ կ՚ունենան պատերազմներու, հալածանքներու, սովի, բնական աղէտներու պատճառած trauma-ները եւ stress-ները: 

Պատերազմի արհաւիրքներու թողած հետքերը լիբանահայութեան ծանօթ են: Քաղաքացիական երկարատեւ՝ 1975 էն սկսեալ պատերազմը, երկար ժամանակէ ի վեր Իսրայէլի հետ սահմանային բախումները, ռմբակոծումները, ականուած ինքնաշարժերու պայթումները, նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աթոմական հզօրութեան հասնող աւերիչ պայթումը, ներկայիս շրջանային լայնատարած պատերազմի վերածուելու վտանգին առթած վախերը, լիբանահայութեան շատ ծանօթ են: Այդ բոլոր դէպքերը լիբանանցի ժողովուրդը դարձուցած է ծայրայեղ ջղային, կռուարար, ընկճուած եւ խոցելի, որոնք հետեւանք են անոր ապրած երկարատեւ ու շարունակական trauma-ներու, որոնք դարձած են բնական: 

Ինչպէս կը բացատրէ հեղինակը, իր մանկութեան ժամանակ իր մօրմէն մի քանի ամսուայ բաժանումը պատճառած էր այն խոր սպին որ անբաժան մնացած էր իր կեանքի տեւողութեան, ապա կարելի է հետեւցնել պատերազմներու ձգած հետեւանքը զանոնք ապրած հասարակութեանց վրայ: Յետադարձ ակնարկով, կարելի է միայն երեւակայել թէ ինչ ազդեցութիւններ ունեցած է ցեղասպանութիւնը, անկէ փրկուած եւ վերապրած մեր ժողովուրդին վրայ, այն խոր հոգեբանական հիւանդութիւնները, վախը, Սուրիոյ անապատները ոտքով անցած մնացորդացին վրայ: Վերապրողներու տասնամեակներ շարունակուած յիշողութիւնները եւ զանոնք լսող նորածին սերունդներուն վրայ թողած ազդեցութիւնները, որոնք տակաւին պիտի շարունակուէին այդ ցեղասպանութենէն երկու տասնամեակ ետք համաշխարհային երկրորդ պատերազմին բռնկումով, անցեալի յիշողութիւնները չթօթափած, դարձեալ հարիւր հազարաւորներու զինուորագրումով եւ գերմանացիներու դէմ ճակատ ուղարկուիլը, անոնց գրեթէ կէսին զոհուիլը, հազարաւորներու սիպերիական սառցադաշտեր աքսորուիլը, համատարած սովը եւ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն բռնատիրական ճնշումները: Քի՞չ բան է անցեալի այս յիշողութիւններուն վրայ բարդուած Արցախեան առաջին պատերազմի արհաւիրքները, Ատրպէյճանի մէջ հայութեան դէմ ջարդերը, տեղահանումները, մութ ու ցուրտ տարիներու դժուարութիւնները, Արցախեան երկրորդ պատերազմին բռնկումը եւ անոր կորուստը, արցախահայութեան վերջնական վտարումը իր հայրենի օճախէն: 

 

Ժողովուրդին հաւաքական հոգեբանական ապրումներէն այս բոլորին պատճառած trauma-ն թօթափելու համար անպայման որ երկարատեւ, թերեւս դարեր երկարող խաղաղութիւն անհրաժեշտ է, որպէսզի անոնց թողած ազդեցութիւնը եւ յիշողութիւնը ընդհատուի եւ վերանայ: Խաղաղութիւն պէտք է մեզի որպէսզի տնտեսութիւնը բարգաւաճի, պետութիւնը հզօրանայ: Պետութեան հզօրացումով, խաղաղութեան հաստատումով եւ տնտեսութեան բարգաւաճումով միայն կարելի կը դառնայ երկրէն հեռացած զանգուածներուն, թերեւս դանդաղ, սակայն հաստատակամ վերադարձը: 

Մեզի, երկրին այս իրական տարածքին վրայ ապրող եւ բարգաւաճող մարդիկ պէտք են: Այս հողակտորն է իրականը, զոր պէտք է պահպանենք, բազմամարդ դարձնենք: Մեզմէ գերազանց ուժեղներու դէմ սին լոզունգներով երկիր չի պահուիր մանաւանդ երբ ազգին երեք քառորդը երկրէն դուրս կ՚ապրի եւ կը շարունակուի արտագաղթը եւ այդ սին լոզունգները բարձրաձայնողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը երկրին մէջ չի գտնուիր: 

 

 

Աւօ Պօղոսեան