Պէյրութի մէջ օրերս նաւահանգիստի պայթումի 4-րդ տարելիցին առթիւ բողոքի հաւաք կատարուած է, որուն մասնակցած են պայթումի նահատակներուն ընտանեկան պարագաները, որոնց պահանջը եղած է ճշմարտութեան եւ հետաքննութեան թղթածրարին մէջ արդարութեան իրագործումը։
Պէյրութի «Ազդակ» մասնաւորապէս գրած է.
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի նահատակներուն ընտանեկան պարագաները նաւահանգիստի պայթումի 4-րդ տարելիցին առիթով երթերով հասան նաւահանգիստ, ուր Արտերկրի լիբանանցիի արձանին մօտ կատարեցին հաւաք մը:
Հաւաքի ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ ճշմարտութեան եւ հետաքննութեան թղթածրարին մէջ արդարութեան իրագործման պահանջը:
Նահատակներուն ընտանեկան պարագաները խոստացան շարունակել իրենց երթը` մինչեւ ճշմարտութեան յայտնաբերումը, ինչպէս նաեւ պայթումին պատճառ դարձածներուն եւ մեղսակիցներուն հաշուետուութեան ենթարկուիլը:
Նաւահանգիստի թիւ 3 դարպասին առջեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հարազատներու համախմբումին կողմէ այլ հաւաքի մը ընթացքին համախմբումի նախագահ Իպրահիմ Հթէյթ դատաւոր Թարեք Պիթարէն եւ դատախազութեան գրասենեակէն պահանջեց հրաժարիլ դատով զբաղելէ: