Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը կը շարունակէ կենսունակ նուիրումով հարստացնել ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի հայկական խոշոր համայնքի կեանքը։
Թեմը առաջնորդութեամբ բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանին կը ծաւալէ բազմապիսի եւ շքեղ գործունէութիւն մը, որուն մասին ալ«Արեւելք»յաճախ անդրադարձ կը կատարէ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք թեմական գործունէութեան ծիրէն ներս ուշագրաւ երեւոյթ հանդիսացող «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ մայր դպրոցին ներկայացուած լրատւութիւնը։
«Մենք յաջորդ սերունդներուն կը փոխանցենք ոչ թէ արիւն, այլ գաղափարներ, եւ գաղափարներու մէջ ինծի համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է։ Այդ կապակցութեամբ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է յաջորդին սորվեցնել հայոց լեզուն»։
Այս պատգամը ստացած ենք մեծանուն գրող Ուիլիամ Սարոյեանէն, որ շատ լաւ գիտակցած է մայրենի լեզուի եւ հայոց մշակոյթի կարեւորութեան հայրենի սահմաններէն դուրս։
Այսօր, երբ օտար ափերուն շարունակ կ’աւելնայ հայերու թիւը, ՀԱՅ մնալու եւ մայրենին սերտելու անհրաժեշտութիւնը կը դառնայ ալ աւելի պարտաւորեցնող եւ կարեւոր հիմնահարց: Հարց մը, որու լուծման շուրջ տարուող շարունակական աշխատանքները իր ուշադրութեան եւ մշտական հոգածութեան կենդրոնը կը պահէ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմը՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ, Գերշ. տ․ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:
Թեմապատկան «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ մայր դպրոցը որ արդէն կը գործէ 25 տարիէ ի վեր, այսօր իր շուրջ կը համախմբէ 300-է աւելի հայ մանուկներ:
17 Օգոստոսը տօնական էր Ս․ Ղեւոնդեան մայր տաճարէն ներս, որովհետեւ Սփիւռքի ամենահեղինակաւոր դպրոցներէն մէկը իր դռները բացած էր հայ մանուկներուն ու պատանիներուն առջեւ՝ աւետելով 2024-25 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտը: Յուզուած, բայց միեւնոյն ժամանակ առաւել ոգեւորուած էին յատկապէս առաջին դասարանի աշակերտները, որոնք նոր ոտք կը դնէին շաբաթօրեայ դպրոց՝ սորվելու եւ դաստիարակուելու հայրենասիրական ու ազգային մնայուն արժէքներով ու հոգեւոր գիտակցութեամբ։
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եկեղեցւոյ հովիւ, արժանապատիւ տէր Խաժակ քահանայ Շահպազեան, որմէ ետք խօսքը փոխանցեց ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդականի ընդհանուր փոխանորդին, հոգեշնորհ տէր Երեմիա վարդապետ Աբգարեանին:
Հայր Սուրբը շնորհաւորեց բոլորին 2024-25 ուսումնական տարեշրջանին առիթով։ Ան կարեւորեց նոր տարեշրջանի վերամուտը, որ խորհրդանշական ձեւով զուգադիպած էր Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնի օրուան հետ: Ներկաներուն յորդորեց սրբօրէն պահել ու պահպանել այն նուիրական ժառանգութիւնը, որ անշեղօրէն փոխանցուած է դարերով եւ յիշեցուց նաեւ, որ յետ այսու մենք պարտական ենք զայն մեր հերթին փոխանցելու մեր յաջորդներուն։
Լուրը՝ Գայիանէ Գէորգեանի (Քաղուած Թեմի պաշտօնական ե-գիրէն)