image

Պոլսոյ մէջ. Արամ արք. Աթէշեանի Ձեռնադրութեան տարեդարձը

    Պոլսոյ մէջ. Արամ արք. Աթէշեանի Ձեռնադրութեան տարեդարձը

Օրերս Պոլսոյ մէջ նշուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեանի  միաբանական ձեռնադրութեան հերթական տարեդարձի օրը։ 

Այս մասին լրատւութիւն մը կատարած է Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականը։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ լրատւութիւնը մշտատեւ առողջութիւն եւ անվրդով առաքելութիւն մաղթելով սիրելի Արամ Սրբազանին։

1 Սեպտեմբերին, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան որ տէրունական աղօթքէն առաջ նաեւ քարոզեց օրուայ խորհուրդի մասին։

Կրօնական արարողութեանց աւարտին, Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հերման Կիւրճեան եւ անդամները իրենց ժողովասենեակին մէջ սիրով շրջապատեցին Սրբազան Հայրը եւ ծաղ մը կտրելով տօնեցին անոր քահանայական ձեռնադրութեան 48ամեակը։