image

Միացեալ Նահանգներ.Տօքթ. Մերի Փափազեանին կարեւոր պաշտօն

Միացեալ  Նահանգներ.Տօքթ. Մերի Փափազեանին կարեւոր  պաշտօն

«Արեւելք» (Միացեալ Նահանգներ),- Միացեալ Նահանգներէն վերահասու կը դառնանք, թէ ամերիկահայ Տօքթ. Մերի Փափազեան ընտրուեցաւ հանրային համալսարաններու վարչական խորհուրդի անդամ։ Այս կառոյցը գլխաւորաբար կը զբաղի ամերիկեան վեթերաններու կրթական հարցերով։ Տօքթ. Փափազեան նախապէս եղած է Հարաւային Քոնեքթիքութի պետական համալսարանի վերատեսուչ։ Ան առանց պետական պիւտճէէն նիւթական օգնութիւն մը ստանալու, 200 միլիոն տոլար վճարած ու այնպիսի շինարարութիւն մը իրականացուցած էր, որ այդ համալսարարանի տարրալուծարանը իր սարքերով ու կազմածներով, բարձր չափանիշներով գերազանցեց Եէյլի համալսարանի տարրալուծարանները։

Եէյլ պատմականօրէն ամերիկեան հնագոյն ու լաւագոյն համալսարաններէն մէկն է, բայց Փափազեան մեծ ներդրում մը կատարելով, դարձաւ Եէյլի մրցակիցը՝ թեքնիքագիտական չափանիշներու շրջագծով։

Տօքթ. Փափազեանի շնորհիւ, ամերիկեան վերոյիշեալ համալսարանն ու Երեւանի Պետակական մանկավարժական համալսարանը ստորագրեցին համագործակցութեան պայմանագիր մը եւ փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպեցին։

Յետոյ, Փափազեան նշանակուեցաւ Սան Խոսէի համալսարանի վերատեսուչ։ Այս համալսարանը Սիլիքոնային հովիտի հիմնական համալսարանն է։ Փափազեան նաեւ Ամերիկայի համալսարաններու ու գոլէճներու վարչական խորհուրդներու ընդհանուր միութեան փոխնախագահն է։

Մարի Ա. Փափազեանի անուան «Ա» միջանկեալ տառը կը նշանակէ Արշակունի։ Ատիկա Փափազեանի աղջկական մականունն է։

Տօքթ. Փափազեան բարձրակարգ մասնագէտ է եւ բազմիցս այցելած է Հայաստան