Մայր Աթոռը պատրաստութիւններ չի ձեռնարկեր՝ Պոլսոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Տէր Արամ Արք. Աթէշեանի Հայաստան այցելութեան առթիւ կազմակերպուող բողոքի ցոյցերը կանխելու կամ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը: Այս մասին armtimes-ի հետ զրոյցին յայտնած է Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քահանայ Մելիքեանը: Քահանայ հայրը նաեւ նշած է, որ պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդի այցի առթիւ բողոքի երթեր նախաձեռնելը մարդոց իրաւունքն է. «Մենք ոչ կանխարգիլելու խնդիր ունինք, ոչ ալ դիմադրութիւն ցոյց տալու: Անձի ապահովութիւն ապահովելու խնդիր չենք տեսներ»,- ընդգծած է Տէր հայրը:
Յիշեցնենք, որ Արամ Արք. Աթէշեանը Հայաստան պիտի այցելէ մասնակցելու Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն, ինչպէս նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի՝ Հայաստան այցելութեան առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն:
Երէկ, այցելութեան լուրի հրապարակումէն ետք, խումբ մը քաղաքացիներ անմիջապէս նախաձեռնած են «Թոյլ չենք տար Արամ Աթէշեանին Հայաստան մտնել» անունով միջոցառում՝ կոչ ընելով 22 յունիսին ժամը 13:00-ին մեկնիլ «Զուարթնոց» օդակայան՝ Աթէշեանի մուտքը արգիլելու համար:
Նշենք նաեւ, որ Աթէշեանի Հայաստան այցի օրը տակաւին չէ յայտարարուած: