Երեւանի Ազատութեան պողոտայի 12 շէնքի բակին մէջ կառուցուած կաթսայատունը անձ մը գնած է, փոխարէնը կ՚ուզէ բժշկական կեդրոն կառուցել։
Այդ պատճառով այսօր յարակից շէնքերու բնակիչները բողոքի ցոյց իրականացուցած են`պահանջելով կասեցնել աշխատանքները։
Շէնքի բակին մէջ բացի քաղաքացիներէն նաեւ բազմաթիւ ոստիկաններ էին, որոնք բնակիչներէն մի քանիի նկատմամբ բռնի ուժ կիրառելով՝ բերման ենթարկած են։
Ոստիկաններու եւ բողոքի ցոյց իրականացնողներու քաշքշուկէն ետք Ազատութեան պողոտայի 12 /2 շէնքի բնակիչներէն մէկը`Արթուր Գրիգորեանը, լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է, որ վաղ առաւօտէն շինարարները եկած են, իրենց հետ ալ շուրջ 100-120 ոստիկան եղած է։ Անոր խօսքով`ոստիկանները բերման ենթարկելէ բացի ծեծած են քաղաքացիներէն մէկը`գլխուն հարուածած։ Շեշտած է` տեսանիւթեր ունին, կրնան ապացուցել։
Գրիգորեանը նաեւ պարզաբանած է` բողոքի ցոյց կ՚իրականացնեն, քանի որ իրենց շէնքի կաթսայատան տեղը կը նախատեսուի 3-4 յարկանի բժշկական կեդրոն կառուցել։
«Կարող է վաղն էլ 8-10 յարկանի դառնայ, իրենք են 3-4 յարկանի ասում, չգիտեմ։ Այդ շէնքը քաղաքաշինական, գէոլոգիական, սեյսմիկ, բնապահպանական, կոմունիկացիոն լուրջ խախտումներով են ուզում կառուցել։ Դիմել ենք քաղաքապետարան, դատախազութիւն, քաղաքաշինութեան կոմիտէ, ամէն տեղ ահազանգել ենք ե՛ւ օնլայն, ե՛ւ գրաւոր ձեւով։ Մենք ուզում ենք, որ առայժմ կասեցուի շինարարութիւնը, որեւէ գործողութիւն չկատարուի մինչեւ փաստաթղթերի օրինականութիւնը համապատասխանեցուի։ Շինթոյլտւութիւնն էլ ապօրինաբար է տրուել»,–ըսած է բնակիչը։
Կաթսայատան յարակից շէնքերու բոլոր բնակիչներու փոխարէն թաղապետարանին մէջ կեղծ ստորագրութիւններ դրուած են, իբրեւ թէ իրենք համաձայն են ԲԿ–ի կառուցման եւ ուղարկած են քաղաքապետարան։
Արթուր Գրիգորեանը նշած է, որ տրուած շինթոյլտւութեան ժամկէտը կը լրանայ 20 օրէն, մինչ այդ շինարարութիւն չսկսելու պարագային ալ երկրորդ անգամ թոյլտւութիւն պիտի չտրուի։ Ատոր համար ալ կառուցապատողն ուժով կ՚ուզէ գործողութիւն իրականացնել։