image

Երեւանի քաղաքապետարան. Աւագանիի երկու ընդդիմադիր անդամներ կրնան զրկուիլ իրենց լիազօրութիւնէն 


Երեւանի քաղաքապետարան. Աւագանիի երկու ընդդիմադիր անդամներ կրնան  զրկուիլ իրենց  լիազօրութիւնէն    


Երեւանի աւագանիի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը կ'ուզէ վաղաժամկէտ դադրեցնել «Ազգային առաջընթաց» խմբակցութեան ղեկավար Գրիգոր Երիցեանի եւ «Հանրային ձայն» խմբակցութեան անդամներ Անուշ Խուդավերդեանի ու Անուշ Գինոսեանի լիազօրութիւնները: Այս մասին կը տեղեկանանք Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքէն։

Նախագիծերն ընդգրկուած են աւագանիի՝ 10 սեպտեմբերի հերթական նիստի օրակարգին վրայ:

Հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ հանդիսացող Գրիգոր Երիցեան յանձնաժողովի 7 նիստերէն միայն մէկ նիստին ներկայ եղած է, իսկ աւագանիի 5-րդ գումարման երկրորդ նստաշրջանի ընթացքին 5 նիստերէն դարձեալ միայն մէկ նիստին մասնակցած է:

Ինչ կը վերաբերի Անուշ Խուդավերդեանին եւ Անուշ Գինոսեանին, նշուած է, որ անոնք բացակայած են աւագանիի նիստերու քուէարկութիւններու կէսէն աւելիէն: