image

Մայքլ Ճեքըոնի բաճկոնը Լոնտոնի մէջ վաճառուած է 306 հազար տոլարով

Մայքլ Ճեքըոնի բաճկոնը Լոնտոնի մէջ վաճառուած է 306 հազար տոլարով

Մայքլ Ճեքսընի սեւ ու սպիտակ բաճկոնը, որ ան կրած է 1984 թուականին «Pepsi Generation» գովազդի նկարահանումներու ժամանակ, աճուրդի հանուած է Լոնտոնի «Propstore» աճուրդին`306 հազար տոլարով:

Մայքլ Ճեքսընը մահացածէ 2009 թուականի յունիսին փրոփոֆոլ դեղամիջոցի սուր թունաւորումէ, որ, ըստ հետաքննութեան, այլ դեղամիջոցներու հետ միասին անոր նշանակած է իր բժիշկ Քոնրատ Միւրէյը։ Ճեքսընի մահէն ետք թողարկուեցան «Michael» (2010) եւ «Immortal» (2011) ալպոմները, որոնք կը ներառէին երգչի նախապէս չհրապարակուած ձայնագրութիւնները։

Փոփ երաժշտութեան պատմութեան մէջ ամենայաջողակ կատարողը` 15 Կրեմմիի եւ հարիւրաւոր այլ մրցանակներու դափնեկիր Ճեքսընը 25 անգամ գրանցուած է Կինեսի մրցանիշներու գիրքին մէջ։ 

Ճեքսըն կը գլխաւորէ այն յայտնի մարդոց վարկանիշը, որոնց մշակութային ժառանգութիւնը կը շարունակէ եկամուտ բերել նոյնիսկ մահէն ետք:

Ըստ Forbes ամսագրի՝ 2022 թուականին երաժիշտի աշխատանքը անոր ժառանգներուն բերած է 115 միլիոն տոլար։