image

Bank of Georgia Group-ը 303,6 մլն տոլարով պիտի գնէ «Ամերիապանք»ը

Bank of Georgia Group-ը 303,6 մլն տոլարով պիտի գնէ «Ամերիապանք»ը

«Վրաստանի դրամատան» սեփականատէր «Bank of Georgia Group PLC»–ին յայտարարած է Հայաստանի խոշորագոյն դրամատուներէն մէկու՝ «Ամերիապանքի» 100% բաժնետոմսերու գնման մասին։

Այս մասին հաղորդած է «Վրաստանի դրամատուն» ընկերութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Նշուած է, որ վրացական կողմը պիտի վճարէ 303,6 մլն տոլար։

«Գործարքի վերջնական աւարտէն ետք «Ամերիապանք»ը պիտի շարունակէ խումբի կազմին մէջ աշխատիլ գործող կառավարումով: Միեւնոյն ժամանակ ընկերութիւնը պիտի պահպանէ իր սեփական ապրանքանիշը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գործարքէն ետք դրամատան բաժնետոմսերու 10%-ը պիտի շարունակէ պատկանիլ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան։