image

Մարալ Այվազ պիտի մենակատարէ՝ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ

Մարալ Այվազ պիտի մենակատարէ՝  Տիգրանակերտի   Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ

Պոլսահայ յայտնի մեներգչուհի Մարալ Այվազ շաբաթավերջին համերգ մը պիտի ունեանյ Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։ Համերգը պիտի կայանայ «Ամէտ-ՍուրՖէսթ» անունով փառատօնի շրջածիրէն ներս։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ լրատւութիւնը՝

Հաճոյքով կը տեղեկանանք թէ մեր գեղաձայն երգչուհիներէն Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու շաբաթավերջին պիտի մեկնի Տիյարպաքըր եւ համերգ մը պիտի սարքէ Տիյարպաքըրի (հին անունով Տիգրանակերտ) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։ Համերգի կազմակերպիչն է «Քասէտ»ը (Կանանց մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան Միութիւնը»։

Յիշեալ միութիւնը համերգի մասին իր ծանօթագրական ազդին մէջ դիտել կուտայ որ մշակութային համագործակցութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ գոյատեւման ջանքերուն աջակցելու նպատակով կ'իրականացնեն «Ամէտ-ՍուրՖէսթ» անունով փառատօն մը։ Մարալի մասնակցութեամբ համերգը փառատօնի շրջագծով է. պիտի սարքուի 29 Սեպտեմբեր երեկոյեան ժամը 18.30ին։ Իրեն պիտի ընկերանան երաժիշտներ Արի Հերկել՝ կիթառ, Սեւան Ինեափան՝ քանոն, Էօզճան Կիւլ՝ տուտուկ եւ Սեւան Կարապետօղլու՝ տհոլ։

Բացի Մարալէն, այդ օր հանդէս պիտի գայ նաեւ քիւրտ երգչուհի Մըզկին Թուրան։

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր սիրելի Մարալին ու իրեն ընկերացող երաժիշտներուն։