Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի պահանջներու շրջանակը զգալիօրէն կրճատուած է։ X-ի իր էջին գրած է Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը։
«Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վճռել է, որ իրաւասութիւն ունի քննելու 2020-2023 թուականների պատերազմի ընթացքում եւ դրանից յետոյ սպանութիւնների, խոշտանգումների, անմարդկային վերաբերմունքի, բռնի անհետացումների եւ կամայական ձերբակալութիւնների վերաբերեալ Հայաստանի դիմումները»,- գրած է Կիրակոսեանը։
Միաժամանակ, Արդարադատութեան միջազգային դատարանը իրաւասու չէ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջին պատերազմին վերաբերող Ատրպէյճանի հայցերը՝ կապուած մինչեւ 1996 թուականի սեպտեմբերը աւարտած իրադարձութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրին հասցուած ենթադրեալ վնասներու հետ կապուած պահանջները։
Նշենք, որ 12 նոյեմբերին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը մերժեց «Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» համաձայնութեան կիրառման վերաբերեալ «Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով Ատրպէյճանի ներկայացուցած նախնական 2 առարկութիւնները։
Այնուհետեւ դատարանը քննեց «Ատրպէյճանն ընդդէմ Հայաստանի գործով» Հայաստանի ներկայացուցած նախնական առարկութիւնները։ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հաստատեց ներկայացուած 3 առարկութիւններէն 2-ը, մերժեց 1-ը, որ կը վերաբերի դատարանի իրաւազօրութեան։
Աւելցնենք, որ 2021-ի սեպտեմբերին Հայաստանը նախաձեռնած էր վարոյթ ընդդէմ Ատրպէյճանի՝ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագրի շարք մը դրոյթներու խախտումներու վերաբերեալ։