Վերջին տարիներուն նման եւ աւանդութիւն դարձած գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը քուէյթահայ ազգային բարերար Տիար Կիրակոս Գույումճեան հերթականին պէս եւ իր կողմէ հաստատուած մրցանակը յանձնեց Քուէյթի Ազգային Վարժարանի աշակերտներէն Մարտիրոս Այանեանին, որ անցնող 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանին լաւագոյն նիշերը հաւաքած էր հայագիտական նիւթերու առընթեր։
Յիշեցնենք, որ բարերար Կիրակոս Գույումճեան նոյն նուիրական վերաբերմունքը կ՚ունենայ նաեւ Հալէպի պարագային, ուր մրցանակի եւ նիւթական քաջալերանքի արժանի կը դառնան նոյնպէս հայագիտական նիւթերու առընթեր լաւագոյն նիշերը ապահոված աշակերտները։
Ինչպէս զինք ճանչցող հանրութեան, այնպէս ալ հայ մամուլին համար նուիրական մօտեցում ունեցող Տիար Կիրակոս Գույումճեանին կը մաղթենք արեւշատ օրեր եւ իր ազգանուէր նախաձեռնութիւնները շարունակելու կամք եւ յարատեւութիւն։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Քուէյթի Ազգային Վարժարանին կողմէ պատրաստուած հաղորդագրութիւնը։
14 Յունիս 2024ին, ՔԱ Վարժարանը հրաժեշտ տուաւ, շրջանաւարտներու նոր հունձքի մը, զոր մկրտեց «Շառլ Ազնաւուր» սերունդ անունով։
Հանդէսը կը հովանաւորէր Թեմիս Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանը։
Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին՝ Քուէյթի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեանը, Քուէյթահայ Ազգ. մարմիններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. բարերարներ, ծնողներ ու հիւրեր։
Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց քայլերգներով, օրուան հանդիսավար` Օրդ. Մարիա Սարգիսեան երեկոն բաց յայտարարեց։
Հայրենասիրական երգերու գեղեցիկ փունջով մը, ելոյթ ունեցաւ աշակերտական երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Տիկին Ժաննա Սերոբեանի։
Ապա, 9րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին Հայկական պար մը, Օրդ. Մարիէլա Թէմամեանի ղեկավարութեամբ։
Վարժարանիս Տնօրէն Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան, իր զեկոյցին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց, վարժարանի միամեայ գործունէութիւնը, ապագայի հեռանկարները, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու առկայ բազմազան մարտահրաւէրները։
Պրն․ Տնօրէնը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց, վարժարանիս հրաժեշտ տուող, վաստակաշատ հայերէնաւանդ ուսուցիչ՝ Պրն․ Ճորճ Արապաթլեանի անցած ուղին։ Ապա, Հայր Սուրբին եւ Հոգաբարձութեան Ատենապետ, պրն Ներսէս Գույուճեանի մասնակցութեամբ Պրն․ Ճորճը պարգեւատրուեցաւ յուշանուէրով մը։
Քուէյթի ֆոլոքլորը ներկայացնող խանդավառ պարով մը, կրկին անգամ ելոյթ ունեցան 9րդ կարգի աշակերտները, Օրդ. Մարիէլա Թէմամեանի բեմականացմամբ։
Իսկոյն, տեղի ունեցաւ վարժարանիս միջնակարգի եւ երկրորդականի գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումը՝ մետալներով։
Ապա, տեղի ունեցաւ 9րդ կարգի աշակերտութեան վկայականաց բաշխումն ու գերազանցներու պարգեւատրումը։
Նկատի առած, որ 2024ին կը լրանայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ՝ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100րդ ամեակը, վարժաանէս 4 աշակերտներ ներկայացուցին Մեծ Հայուն գրիչին պատկանող «Քեզ համար Հայաստան» երգը։
Երկրորդ արարով, ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, նուիրուած՝ 100 տոկոս հայ եւ 100 տոկոս ֆրանսացի արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի կեանքին եւ գործունէութեան, որու պատրաստութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին` Վարժարանիս հայերէնաւանդ ուսուցիչ Պրն. Ճորճ Արապաթլեանն ու Օրդ․ Մարիա Սարգիսեանը։
(Սարդարապատ) երգի ոգեւորիչ հնչեղութեամբ, «Շառլ Ազնաւուր» սերունդի տղաքն ու աղջիկները բեմ բարձրացան։
Արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով ուղերձներ արտասանեցին՝ 12րդ կարգի աշակերտներ՝ Մարտիրոս Այանեան եւ Լալա Խաչատուրեան։
Իսկոյն, Գերպ․ Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ աւարտական կարգի վկայականաց բաշխումը, գերազանցներու պարգեւատրումն ու հայագիտական առարկաներու վարժարանիս խրախուսական նուէրներու տուչութիւնը։
Ապա տեղի ունեցաւ, Հայագիտական առարկաներու նկատմամբ առաւել պատասխանատուութիւն ու յանձնառութիւն ցուցաբերելու նախանձախնդրութեամբ 2023ին կեանքի կոչուած՝ «Հռիփսիմէ Պէրպէրեան» հայագիտական մրցանակի բաշխումը, ձեռամբ՝ Տիար ԱՍՊԵՏ՝ Ալեքսան Պէպէրեանի, որու նիւթական պարգեւը՝ 1000 Ք․Տ․ տրամադրուեցաւ երկրորդականի 8 աշակերտներու։
Հուսկ, տեղի ունեցաւ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» ամէնամեայ մրցանակի տուչութիւնը՝ 1000 Ք․Տ․, ձեռամբ՝ Տիար ԱՍՊԵՏ՝ Կիրակոս Գույումճեանի, որուն արժանացաւ առաջնակարգ շրջանաւարտ՝ Մարտիրոս Այանեան 99.51 % գնահատականով։
Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ․ Տ․ Պետրոս Ծ․ Վրդ․ Մանուէլեանի սրտի խօսքով ու հայրական օրհնութեամբ Հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։