Եգիպտական «Սատա Ալ Պալատ»ը կը գրէ.
Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը դատապարտած է թրքական դերակատարութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ լարուածութեան՝ Ղարաբաղի մէջ, Ատրպէյճանին զէնքով, լոժիսդական օգնութեամբ եւ վարձկաններով օժանդակելուն համար: Այդպիսով, Մաքրոն անգամ մը եւս շեշտած է Ֆրանսայի մերժողական քաղաքականութիւնը թրքական միջամտութիւններուն, որոնք ահաբեկչական միջազգային մեթոտին կը համապատասխանեն, ըստ ֆրանսական ընկալումին:
Մաքրոն շեշտած է, որ ինք անպայմանօրէն Ղարաբաղի հարցին շուրջ քննարկումներ պիտի կատարէ Ռուսաստանի Նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Ամերիկայի Նախագահ՝ Տոնալտ Թրամփի հետ:
Ֆրանսան դատապարտած է Թուրքիոյ «պատերազմը քաջալերող»ի իր դիրքը, եւ չէզոք չմնալը կամ չփորձելը խաղաղութեան կոչելու երկու կողմերը, ինչպէս Ռուսաստանը ըրած է:
Մաքրոնը ըսած է նաեւ, որ Թուրքիոյ նման դիրքորոշումը անխոհեմ ու վտանգաւոր է:
Ան ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիոյ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը Ատրպէյճանին կը խրաուսէ յաւելեալ ոյժի կիրառման, ինչը կը նշանակէ աւելի շատ բռնութիւն եւ յաւելեալ զոհեր:
Ֆրանսայի Նախագահը ինքզինք աւանդաբար Միջերկրականեանի կառավարող ոյժը կը համարէ: Փարիզեան պրիսմակէն, Թուրքիոյ «օսմանական պահուածքն» ու Էրտողանի թշնամական հռետորաբանութիւնը ծայրաստիճան զայրացուցած են Մաքրոնին:
Յունական «Կրիք Թայմզ» թերթը յայտնած է, թէ բացի Կիպրոսի ափին կազի հետախուզման շուրջ ծագած վէճէն, Անգարայի ու Փարիզի միջեւ եղող տարաձայնութիւններուն ցանկը երկար է, որ կ'ընդգրկէ նաեւ Թուրքիոյ՝ քիւրտերը ճնշելուն եւ Ֆրանսայի բոլոր փորձերը ձախողեցնելուն՝ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ:
Իրավիճակը ալ աւելի սրուեցաւ երկու պետութիւններուն միջեւ, երբ անցնող Օգոստոսի կէսերուն, Միջերկրականեանին մէջ թրքական եւ ֆրանսական քանի մը մարտանաւեր վտանգաւոր առճակատումներ ունեցան:
Մաքրոնը այլեւս համոզուած է, թէ Էրտողանը մի՛ միայն ոյժի լեզուով կը հասկնայ:
Այդ պատճառով, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Մաքրոնի Էրտողանի վրայ կատարած յարձակումը այս բոլոր դրդապատճառներէն կը բխի: