image

«Հայֆիլմ»-ի տարածքին մէջ տեղի ունեցած հրդեհի հետեւանքով ամբողջութեամբ այրած է 6 փոխադրական միջոց

«Հայֆիլմ»-ի տարածքին մէջ տեղի ունեցած հրդեհի հետեւանքով ամբողջութեամբ այրած է 6 փոխադրական միջոց

«Հայֆիլմ» շարժապատկերներու սթիւտիոյի տարածքին մէջ տեղի ունեցած հրդեհի հետեւանքով ամբողջութեամբ այրած է 6 փոխադրական միջոց, որմէ 4-ը՝ հանրակառք։ Այս մասին յայտնած է Shamshyan.com։

Հրդեհը մեկուսացուած է, սակայն տարածքին մէջ հրշէջները հերթապահութիւն կ'իրականացնեն։

Նշենք, որ 6 սեպտեմբերին, ժամը 13։48-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Աշտարակի խճուղիին մէջ կ'այրին խոտածածկոյթ եւ ինքնաշարժներ։