ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրած է գործադիր հրամանագիր, որով երկրի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը անունափոխուած է Պատերազմի նախարարութիւն։
«Կը կարծեմ, որ սա յաղթանակի եւ ուժի ուղերձ կը յղէ»,–լրագրողներուն ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը։
Անոր խօսքով՝ նման անուանումը աւելի տեղին է՝ նկատի ունենալով աշխարհի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոր անունը պիտի օգտագործէ որպէս երկրորդական անուն, իսկ Պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթը պիտի կոչուի Պատերազմի նախարար։
Փենթակոնը Պատերազմի նախարարութեան իրաւահաջորդն է։ Վերջինս հիմնադրուած էր իբրեւ նախարարութիւն՝ դեռ 1789-ին, եւ գործած է մինչեւ 1947 թուականը։