Թուրքիոյ Վան քաղաքի Վերին Պաքրաճլը թաղամասի բնակիչները իշխանութիւններէն կը պահանջեն գործնական քայլեր ձեռնարկել եւ վերջնական փլուզումէ փրկել տեղի հայկական Վարագավանքը։
Այս մասին գրառում հրապարակուած է «Նոր Մարմարա» օրաթերթի դիմատետրի պաշտօնական էջին։
Գրառման մէջ ըսուած է, որ Թուրքիոյ Վան քաղաքի Վերին Պաքրաճլը թաղին մէջ կը գտնուի պատմական հայկական Վարագայ վանքը, որու մեծ մասը արդէն իսկ գոյութիւն չունի, իսկ ներկայ մնացորդացն ալ՝ կործանման եզրին է։
«Վանքի գմբէթները փլած են, որմնանկարներն ու արձանագրութիւնները՝ վնասուած։ Վանքը որ հանրածանօթ է որպէս «Եօթը եկեղեցիներ», կառուցուած է 8րդ դարուն, դառնալով հոգեւոր կարեւոր կեդրոններէն մին։ Այս կառոյցը երկար տարիներէ ի վեր որեւէ նորոգութեան չէ ենթարկուած ու կը պահպանուի միայն տեղացի բնակիչներու ջանքերով։ Ամէն տարի բազմահարիւր հայ զբօսաշրջիկներ կ'այցելեն այս վանքը ու իրենց աղօթքը կ'ընեն աւերակներու մէջ։»,-ըսուած է գրառման մէջ։