image

Ֆրանսան եւ եւս հինգ երկիր ճանչցած են Պաղեստինի անկախութիւնը

Ֆրանսան եւ եւս հինգ երկիր ճանչցած են Պաղեստինի անկախութիւնը

Ֆրանսան պաշտօնապէս ճանչցած է Պաղեստինի Պետութիւնը։ «Արմէնփրէս»-ի տեղեկութեամբ՝ այս մասին կը հաղորդէ BBC-ն։

«Այսօր ես կը յայտարարեմ Ֆրանսայի կողմէ Պաղեստինի Պետութեան ճանաչման մասին»,– յայտարարած է Մաքրօն՝ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանին մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին։

Մաքրօն նշած է, որ «խաղաղութեան ժամանակը հասած է» եւ որ «ոչինչ կ՚արդարացնէ Կազայի մէջ շարունակուող պատերազմը»։

Ֆրանսայի նախագահի խօսքով՝ Փարիզի կողմէ Պաղեստինի ճանաչումը «պիտի բանայ ճամբան իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ բանակցութիւններուն»։ «Խաղաղութեան հնարաւորութիւն կայ»,– ընդգծած է նախագահը՝ աւելցնելով․ «Մենք բոլորս պէտք է աշխատինք խաղաղութեան մեքենականութիւնները գործարկելու ուղղութեամբ»։

Ֆրանսայի ղեկավարը համաժողովի ընթացքին յայտնած է, որ ժամանակն է դադրեցնելու պատերազմը եւ ազատելու «Համաս»-ի կողմէ պահուող իսրայէլցի պատանդները։ Ան զգուշացուցած է «անվերջ պատերազմներու վտանգի» մասին՝ աւելցնելով, որ «իրաւունքը միշտ պէտք է գերակշռէ ուժին նկատմամբ»։

«Միջազգային հանրութիւնը չկրցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կառուցել արդար եւ տեւական խաղաղութիւն։ Մենք պէտք է ընենք մեր ուժերու սահմաններուն մէջ ամէն ինչ՝ պահելու երկու պետութիւններու սկզբունքով կարգաւորման հնարաւորութիւնը, ուր Իսրայէլն ու Պաղեստինը պիտի ապրին կողք կողքի՝ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ»,– նշած է ան։

Պելճիքայի Թագաւորութեան վարչապետ Պարթ տէ Վեւերը, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի ծիրէն ներս, յայտարարած է, որ միացած է Պաղեստինի Պետութիւնը ճանչցած երկիրներու խմբակին։

«Միայն նման լուծումը պիտի թոյլ տայ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի բնակիչներուն ապրիլ կողք կողքի՝ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ»,– ըսած է վարչապետ Պարթ տէ Վեւերը։

Մոնաքօն, Մալթան, Լիւքսեմպուրկը եւ Անտորրան եւս պաշտօնապէս ճանչցած են Պաղեստինի Պետութիւնը։

Աւելի վաղ Պաղեստինը ճանչցած էին Մեծն Բրիտանիան, Գանատան, Աւստրալիան եւ Փորթուկալը։