ՆԱԹՕ-ն փաստացի պատերազմի մէջ է Ռուսիոյ հետ, սա ակնյայտ է, ըսած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:
Ան նշած է, որ Ռուսիան պատրաստ է Ուքրանիոյ ճգնաժամը կարգաւորել քաղաքական եւ դիւանագիտական ճանապարհով:
Մեկնաբանելով Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ միջեւ եռակողմ բանակցութիւններու հեռանկարները՝ Փեսքովը նշած է, որ դեռ առաջընթաց չկայ: