Լեհաստանը ամբողջութեամբ կը փակէ Պելառուսիոյ հետ սահմանը։ Այս մասին յայտարարած է Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Գերատեսչութիւնը նշած է, որ այս որոշումը պայմանաւորուած է Ռուսիոյ եւ Պելառուսիոյ առաջիկայ «Запад-2025» համատեղ զօրավարժութիւններով, որոնք տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր 12-16-ին։
«Որոշումը ընդունուած է անվտանգութեան նկատառումներով, որովհետեւ Պելառուսիոյ հետ սահմանը նաեւ Շենկէնեան գօտիի սահմանն է»,– ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Լեհաստանը սեպտեմբեր 11-ի լոյս 12-ի գիշերը ամբողջութեամբ պիտի փակէ Պելառուսիոյ հետ սահմանը։
Լեհաստանի իշխանութիւնները նաեւ յայտարարած են, որ Ուքրանիոյ եւ Պելառուսիոյ հետ սահմաններու երկայնքով թռիչքներու սահմանափակումները պիտի մտնեն ուժի մէջ դեկտեմբեր 9-էն։