image

Մամլոյ խճանկար (3)

Մամլոյ խճանկար (3)

1.«Առաջին լրատուական» (28-4-21) 

 

***«Ասում են՝ ընտրութիւնը իր եւ իշխանութեան մէջ է»:

---Ինչպէս նկատելի է, արեւելահայերէնի մէջ  սկսած է բթանալ (կը կարծեմ՝ շատ վաղուց սկսած էր այդ) մէջ եւ միջեւ յետադրութեանց զանազանումը:

Մէջ-ը կը վերաբերի անհատին՝ առանց առնչութեան ուրիշի հետ.

            -Այս մարդուն մէջ տակաւին  կենդանի է հողի կարօտը:

            -Այս ծառին  տերեւնրուն մէջ ծիտեր կ’ապաստանին:

            -Գիւղին մէջ երբեմնի հովիւնրը չմնացին:

Միջեւը անհրաժեշտօրէն կը պահանջէ մէկէ աւելի խնդիրներ, որոնք որեւէ ձեւով կ’առնչուին իրարու.

           -Թորոսին ու Մարկոսին միջեւ վէճ մը ծագեցաւ: (Վիճելու համար  գոնէ երկու հոգի պէտք է):

            -Զահլէի եւ Պաալպեքի միջեւ կը գտնուին Քսարայի այգիները:

            -Պատերազմը սկսաւ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ:

Կը նշանակէ Ֆրանսա կը կռուէր Գերմանիոյ դէմ (եւ՝ փոխադարձաբար):

Եթէ վերջին օրինակը  օժտենք մէջ-ով, ապա փոխադարձութիւնը կը վերնայ, պատերազմը կը տեղայնանայ, կապ չ’ունենար իրարու հետ. «Պատերազմ ծագեցաւ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ»,− կը նշանակէ ամէն մէկը իր սեփական հողին վրայ պատերազմ մղեց՝ հաւանաբար ներքին թշնամիներու դէմ:

 

2. «Մարմարա», 20 ապրիլ 2021

***«Թիւը հասած է վաթսուն հազարներու»:

---Մեր լեզուն միայն  կլոր թիւերը կը յոգնականացնէ. օրինակ՝ հարիւրներ, հազարներ, միլիոններ եւ  այլն. «Հարիւր հազարներ բուժուեցան այդ դեղով»: Սակայն չենք ըսեր. «Երեսուններ զոհ գացին այդ արկածին», ոչ ալ եօթանասուններ կամ հարիւր քսանհինգեր...  այսպիսի թիւեր չենք գործածեր: Ինչո՞ւ, ես ալ չեմ գիտեր, նման լեզուական աւանդոյթ չկայ, մերժած է  զայն հայուն միտքը:

«Մարմարա»-ն ահաւասիկ այդ մերժուած կաղապարն է որ կը կիրարկէ՝ բնաւ հայերէն չգիտցող  եօթնօտարի համբակութեամբ. «վաթսուն հազարներու հասած է թիւը...»: Գոնէ ճիշդ ըլլայ ըսածը.  քիչ անդին կը հաստատենք, որ այդ թիւը տակը-վրան հասած է ընդամէնը 55.812-ի, ուրեմն՝ ոչ իսկ  «մէկ հատիկ վաթսուն հազարի»...ալ ի՞նչը կը մղէ նման այլանդակութիւն մը դուրս տալու,− չենք գիտեր:

 

***106ՐԴ... 44օրեայ...

---Դիտեցէ՛ք քիչ մը թիւեր կիրարկելու այս ոճը. կատարեալ խառնարան մը: Քաոս:

Մանաւանդ եթէ գլխագրենք երկրորդը՝ առաջինին պէս՝ 44ՕՐԵԱՅ...ինչպէ՞ս կը կարդաք  կամ պիտի փորձուէիք կարդալ այս վերջինը:

Մինչդեռ  հայեցի գրելաձեւը կը թելադրէ հետեւեալ  ոճը՝ 106-րդ44-օրեայ, որոնք այնքան պարզ, յստակ ու ընկալելի են, ու մանաւանդ...հայերէն են:

 

***Եւ վերջապէս «Մարմարա» սովորութիւն ունի գրելու սէնֆոնիք, այլ խօսքով՝ մէկ բառի մէջ ի մի հաւաքելու-մէկտեղելու ուղղագրական բոլոր բարբարոսութիւնները.

            ա)Նախ ինչո՞ւ է, եւ ոչ ե: Մարմարա կը ճանչնա՞յ հայերէն բառ մը, որ իր վերջընթեր ձայնաւորը է-ով գրէ. օրինակ՝ գերեզման, դեգերում, վեթերան , հերետիկոս, թեթեւամիտ, սեթեւեթ , գերեվարութւին, տերեւաթափ, աներեսութիւն...

            բ)Ապա ինչո՞ւ ն, երբ թէ՛ ֆրանսացին, թէ՛ անգլիացին  այս բառը կը գրեն m-ով:

            գ)Եւ վերջապէս ինչո՞ւ սէնֆոնիք, երբ հայերէնն է համանուագ (sym=համ, φονή-ձայն, նուագ):

Թրքական ծովուն մէջ հայերէնը պահպանելու ձեւը ա՞յս է:

 

Ակօս (21-4-21)

***«Համաշխարհային  հայ ժողովուրդը ունի կուռ ներկայացուցիչ մը...»:

Տիեզերական հայութիւն...

---Այսքան տարի է կը կարդամ ու մինչեւ հիմա նման ածականնեոբվ բնորոշուած  ժողովուրդի հանդիպած չեմ: Ճիշդ ի՞նչ պէտք է հասկնալ համաշխարհային-ով եւ տիեզերական-ով: Աւելի պարզ՝ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ ժողովուրդ մը կը բնորոշուի այս երկու մակդիրներով: Ահա առեղծուած մը, որ կրնայ  քունդ փախցնել, ինչո՞ւ չէ:

Մոլիէրի Քաղքենի ազնուականը օր մըն ալ կ’իմանայ, թէ իր խօսածը արձակ կը կոչուի (ի հակադրութիւն ոտանաւոր-ի). «Ուրեմն վաթսուն տարի է արձակ խօսած եմ  ու....տեղեակ չեմ եղած»,−կ’անդրադառնայ  ան զարմանքով: Հիմա մենք ալ վերջին պահուն կ’իմանանք, որ...

 

***«Լսե­­լէ ետք ու­­զե­­­ցի զինք այ­­ցե­­­լել...»: 

 «Ու­­զե­­­ցի զինք այ­­ցե­­­լել, բայց միշտ ար­­գելք մը եղաւ...»:

---Երբ մեր այցելութեան առարկան անձ մըն է , այս վերջինին անունը կը դնենք տրական հոլով. այցելել իրեն կամ անոր: Իսկ երբ տեղ մըն է, ապա կը կիրարկենք հայցականը:

Ուրեմն՝ կ’այցելենք բարեկամի մը, հիւանդի մը,  յաճախորդի մը, ասոր, անոր:

Միւս կողմէ՝  կ’այցելենք  հիւանդանոց մը, դպրոց մը, տուն մը, գիւղ մը:

 

Ժամանակ(28-4-21)

***«Նկատի ունենալով, որ հայերէնը համայնքային ժողովներու եւ խորհրդակցութիւններու ընթացքին վաղուց դադրած է աշխատանքային լեզու ըլլալէ՝ ստորեւ կը ներկայացնենք Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած տեղեկագրին բնագիրը»։

Կը հետեւի թրքերէն գրութիւն մը:

---Այս կը նշանակէ, ոչ աւելի, ոչ պակաս, որ պատրիարաքարանի ժողովական լեզուն այլեւս հայերէնը չէ՛, եւ այս այսպէս է «վաղո՜ւց»,− ինչպէս շեշտուած է:

Բաւական կանոնաւոր հետեւած եմ,− կը կարծէի,− պոլսահայ մամուլին  եւ կեանքին, եւ վերահասու չէի այս տխուր իրականութեան, որ կ’ընկճէ զիս: Եւ անշուշտ ոչ միայն զիս: Ոչ մէկ գաղութէ մինչեւ հիմա ստացուած էր նման դառն խոստովանութիւն մը: Որքան ու որպիսի ուրիշ իրականութիւններ կան, արդեօք, որոնք ծածուկ կը պահուին կամ թէ խոստո- վանութեան  առարակայ չեն դառնար, շահեկան չեն  նկատուիր նշուելու եւ ցուցադրուելու:

Կարծեմ ըսելիք չի մնար:

*   *   *

***«Մնացեալ ամէն ինչ կը բխին անկէ եւ կամ կ՚ածանցուին անոր»։

---Ամէն ինչ  բառակապակցութիւնը, նոյնիսհկ եթէ բառային իմաստով յոգնակի է, քերականօրէն  կը շարունակէ  մնալ եզակի, եւ  այս վերջին յատկութիւնն ալ կ’որոշէ բային թիւը, որ պէտք է ըլլայ եզակի: Ուրեմն սխալ է կը բխին եւ կ’ածանցուին:

Պէտք է ըսել՝ կը բխի եւ կ’ածանցուի:

***«Մինչեւ որ սերմերը  ցամքին եւ շէկնան»:

Աշխարհաբարը  շէկնալ բայ չունի. ուրեմն չ’ըսուիր նաեւ շէկնան:

            Շէկ(ն) արմատը կու տայ երկու բայ՝ շիկնիլ եւ շիկանալ:

            Շիկնիլ կ’ըսենք  մարդկային դէմքին համար՝ «ամօթէն շիկնիլ»:

Փոխաբերաբար կը նշանակէ  «ամչնալ». օրինակ՝ «Առանց շիկնելու կը ստէ»:

Կատարեալը կու տայ շիկնեցայ-շիկնեցար-շիկնեցաւ:

Շիկանալ կ’ըսենք մասնաւորաբար մետաղներու համար՝ երկաթը տաքնալէն շիկացաւ, կացութեան մը համար՝ մթնոլորտը շիկացաւ, վէճը շիկացաւ, պայքարը շիկացաւ...

Կատարեալը կու տայ շիկացայ-շիկացար-շիկացաւ:

            armenag@gmail.com                                                                                    Արմենակ Եղիայեան