image

Ներքաղաքական խճանկար. Գէորգ Հալէպլեան

Ներքաղաքական խճանկար. Գէորգ Հալէպլեան

           Հետեւաբար, կարող ենք արձանագրել, որ մինչ այժմ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները եւ «ընդդիմութիւնները» մնացած են նախկին համակարգի պարտադրած «օրէնքներուն» համահունչ։

         Յաջորդ համապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2026 թուականի Յունիսին։ Հայաստան կարիքը ունի դուրս գալու ներքաղաքական այս ճահիճէն, քաղաքական դաշտը պէտք է մաքրուի «նախկին-ներկայ», «սեւ-սպիտակ», «դաւաճան-հայրէնասէր»  բեմականացումէն, եւ հրապարակ պէտք է գան նոր այլընտրանքային ոյժեր որոնք ունին երկիրը ղեկավարելու ունակութիւն, ունին ազգային արժէքներու հանդէպ յատուկ յարգանք եւ գիտակցութիւն, ունին ռազմավարական մտածելակերպ եւ գիտելիքներ, ունին հայոց բանակը արեւմտեան գերարդիական արհեստագիտութեամբ (Technonogy) սպառազինելու տեսլական, կարողութիւնը եւ ցանկութիւնը ընտրելու ճիշտ ռազմավարական դաշնակիցներ, ունակութիւնը առողջացնելու երկրի պետական կառավարման հաստատութիւնները, եւայլն։

 

1991-ին վերանկախացած Հայաստանը ինքզինք ժողովրդավարական եւ բազմակուսակցական դրոյթներով երկիր հռչակեց։ Մինչեւ 1995 թուականը Հայաստանի Խորհրդարանը (Ազգային Ժողովը) ներկայացուած էր հայ ժողովուրդը ներկայացնող գրեթէ բոլոր քաղաքական հոսանքներով ընդհուպ հայ աւանդական երեք կուսակցութիւնները ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ, որոնք  ունէին իրենց պատգամաւորական խմբակցութիւնները։ 

       Յետագային մեր բոլորին յայտնի պատճառներով բազմակուսակցականութիւնը վերածուեցաւ միահեծան եւ այլամերժ միակուսակցական քաղաքական համակարգի, որ կարծէք շարունակութիւնն էր նախկին սովետական քաղաքական գործելաոճին։ Իշխող Հայոց Համազգային Շարժում կուսակցութիւնը մերժեց որեւէ այլընտրանքային արտաքին եւ ներքին քաղաքական բարեփոխումներ իրականացնել եւ մնաց նախկին համակարգի քաղաքական, գաղափարական, սոցիալ-հոգեբանական, պետական կառավարման եւ նոյնիսկ կենցաղային բարքերու հաւատարիմ շարունակողը։ Այստեղ առանց վարանելու պէտք է ըսել, որ հայ աւանդական կուսակցութիւններու պառակտման եւ ներկուսակցական վէճեր հրահրելու մէջ Հայոց Համազգային Շարժումը իր տխուր եւ անվիճելի դերակատարութիւնը ունեցած է։ Իսկ 1996-ի համապետական ընտրութիւնները ցոյց տուին որ Հայաստանը շա՜տ հեռու է ժողովրդավարութիւն եւ բազմակուսակցականութիւն հասկացութիւններէն։

       Յետագային 1998-ի, 2003-ի, 2008-ի, 2013-ի  համապետական «ընտրութիւնները» ցոյց տուին որ Հայաստանի քաղաքական համակարգը շա՜տ հեռու է ժողովրդավար եւ եւրոպական արժեհամակարգին համահունչ որակուելէ, իսկ քաղաքական մշակոյթ հասկացութիւն ընդհանրապէս գոյութիւն չունէր եւ չունի Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ։ Չկայ եւ չէ եղած գաղափարական եւ բովանդակալից քաղաքակիրթ քաղաքական պայքար կամ մրցակցութիւն երկրի պետական աւելի արդիւնաւէտ կառավարման համար։ Չկար եւ չէ գոյացած ժողովրդավարական երկրի համահունչ ընդդիմութիւն։ Մինչեւ 2018 թուականը իշխանութիւնները եւ  «ընդդիմութիւնները» սնանկ, բովանդակազուրկ, նիւթապաշտ, աթոռամոլ եւ երկրի անվտանգային լուրջ սպառնալիքները անտեսելով, չունենալով Արցախի հարցի լուծման իրական տեսլական, հետապնդած էին միայն իրենց անձնական եւ խմբակային շահերը, սեփականացնելով երկրի ընդերքի ահռելի պաշարներ, հողատարածքներ եւ անշարժ գոյքեր։ Առողջ եւ կառուցողական քննադատութիւնը միշտ ճնշուած էր իշխող քաղաքական ոյժի կողմէ։ «Քաղաքական կուսակցութիւնները» եղած եւ են խիստ անձնաւորուած։ Օրինակ՝ Հայ Ազգային Գոնկրէսը նոյնականացուած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անուան հետ, Հանրապետական կուսակցութիւնը Սերժ Սարգսեանի , Բարգաւաճ Հայաստանը Գագիկ Ծառուկեանի, Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը Արամ Սարգսեանի, Քաղաքացիական Պայմանագիրը Նիկոլ Փաշինեանի, եւայլն։ 

Հայաստանի մէջ գործող իւրաքանչիւր «կուսակցութիւն» աւելի քան 30 տարիէ ցարդ չէ ունեցած ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ։ Յաջորդաբար չորս իշխանութիւններու օրոք Ազգային Ժողովները եղած են կառավարող ոյժի կամակատարները, ցաւալի էր նաեւ տեսնել թէ ինչպէս խաթարուած էր իշխանութեան երեք թեւերու՝ օրէնսդիր, դատական եւ գործադիր իշխանութիւններու զսպման եւ հակակշիռներու համակարգը, անոնց հլու-հնազանդ կարգավիճակը եւ հաւատարմութիւնը իշխող խաւին։ Հայաստանը 27 տարի ղեկավարուեցաւ հակաժողովրդավարական, կիսաբռնատիրական, հայոց բանակը արեւմտեան գերարդիական զէնքով զինելու անկարողութեամբ, անմրցունակ, անգրագէտ եւ ոչ ճկուն դիւանագիտութեամբ, յուսալի ռազմավարական դաշնակիցներ գտնելու անկարողութեամբ, երկրի ռազմավարական նշանակութեան ենթակառուցուածքները նուիրելով օտար երկրի։        

              2018-ին «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը միտուած էր նոր շունչ եւ նոր մտածելակերպ բերել Հայաստանի քաղաքական միջավայրին։ Ապօրինի եւ յափշտակուած կալուածներու պետականացման, ժողովրդավարական արժէքներու վերականգնման, Արցախի հարցի արդարացի լուծման, փտախտի եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի կարգախօսով իշխանութեան եկած Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութիւնը բախուելով տրածքաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական անկանխատեսելի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ ի տես Հայաստանի առջեւ ծառացած գոյութենական սպառնալիքի պայմաններուն եւ ռազմավարական դաշնակիցի անպատասխանատու եւ կրաւորական կեցուածքին, նաեւ անոր բացայայտ գործակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, իշխող կուսակցութիւնը անկարող եղաւ իրականացնել իր նախընտրական ծրագիրները։  Հաւասարակշռման եւ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը եւ տնտեսութեան բազմակողմանիացումը (Diversification) որպէս սկզբունքներ որդեգրած՝ իշխող կուսակցութիւնը չկարողացաւ լիարժէքօրէն իրականացնել կամ մասամբ իրականացուց այդ վարքագիծը եւ մնաց կախեալ միեւնոյն աշխարհաքաղաքական կեդրոնէն։ Իշխող կուսակցութիւնը, ելլելով Հայաստանի տկար եւ «պարտուած» իրողութենէն, ստիպուած էր Ատրպէյճանին զիջիլ կարգ մը ազգային եւ պատմական արժէքներէ (Արարատ, Հռչակագրի փոփոխութիւն, եւայլն), այն յոյսով որ այդ զիջումները կը դիւրացնեն համապարփակ եւ երկարատեւ «խաղաղութեան պայմանագրի» շուտափոյթ կնքումը։ Բայց ինչպէս կը տեսնենք Ատրպէյճան իր նախապայմաններու շարքը երկարելով գրեթէ անհնարին կը դարձնէ «խաղաղութիւնը»։ Առանց աշխարհաքաղաքական ուղղութեան յստակ եւ վճռական փոփոխութեան, իշխող վերնախաւը երկիրը թողեց  ՀԱՊԿ-ի, ԱՊՀ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի անբաժանելի անդամ։ 

         Հետեւաբար, կարող ենք արձանագրել, որ մինչ այժմ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները եւ «ընդդիմութիւնները» մնացած են նախկին համակարգի պարտադրած «օրէնքներուն» համահունչ։

         Յաջորդ համապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2026 թուականի Յունիսին։ Հայաստան կարիքը ունի դուրս գալու ներքաղաքական այս ճահիճէն, քաղաքական դաշտը պէտք է մաքրուի «նախկին-ներկայ», «սեւ-սպիտակ», «դաւաճան-հայրէնասէր»  բեմականացումէն, եւ հրապարակ պէտք է գան նոր այլընտրանքային ոյժեր որոնք ունին երկիրը ղեկավարելու ունակութիւն, ունին ազգային արժէքներու հանդէպ յատուկ յարգանք եւ գիտակցութիւն, ունին ռազմավարական մտածելակերպ եւ գիտելիքներ, ունին հայոց բանակը արեւմտեան գերարդիական արհեստագիտութեամբ (Technonogy) սպառազինելու տեսլական, կարողութիւնը եւ ցանկութիւնը ընտրելու ճիշտ ռազմավարական դաշնակիցներ, ունակութիւնը առողջացնելու երկրի պետական կառավարման հաստատութիւնները, եւայլն։

        Բարեբախտաբար այսօր Հայաստանի մէջ կան քաղաքական անհատներ եւ կազմակերպութիւններ որոնք դուրս են նախկին համակարգի պարտադրած «օրէնքներէն» եւ յանդգնութիւնը ունին մարտահրաւէր նետելու բոլոր նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն եւ «ընդդիմութիւններուն»։ Այս շարքի անհատներէն են Գուրգէն Սիմոնեան, Լիլիթ Դալլաքեան, Յարութիւն Մկրտչեան, Կարեն Սարգսեան, Անահիտ Ադամեան, Ստեփան Գրիգորեան, Ազատ Արշակեան, Հրանդ Տէր Աբրահամեան, Էդուարդ Անտինեան, Գայանէ Աբրահամեան, Նինա Կարապետեանց, Միքայէլ Հայրապետեան։

 

Գէորգ Հալէպլեան