Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումէն երեք օր առաջ, չորեքշաբթի, 23 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Երեւանի «Մարիոթ» հիւրանոցի «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մարզախաղերու ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուներ, մարզական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հայրենի մամուլի հրաւիրեալներ:
Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հանրային կապերու յանձնախումբի անդամ Նժդեհ Մկրտիչեան:
Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ մարզախաղերու յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Դաւիթեան: Ան ներկայացուց մարզախաղերուն 44 տարուան պատմականը` նշելով, թէ մարզախաղերը տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը, 2009-էն սկսեալ մայր հայրենիքի` Հայաստանի մէջ:
Մամլոյ ասուլիսին ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Արթուր Մկրտչեան: Ան յայտնեց, որ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն կը մասնակցին 850 մարզիկներ` 9 մարզաձեւերով: Տեղի կ՛ունենան նաեւ յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» մարզախաղերը, մասնակցութեամբ Երեւանէն, Սպիտակէն, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն 200 պատանիներու: Եղբայրը աւելցուց, որ խաղերու մասնակիցները 29 յուլիսին կ՛այցելեն Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր եւ Էջմիածին: 2 օգոստոսին մարզախաղերուն փակումը կը կատարուի յաղթանակի պարահանդէսով:
Այնուհետեւ, մամլոյ ասուլիսին մասնակիցները պատասխանեցին ներկայ լրագրողներու հարցումներուն: Յաջորդեց կոկիկ հիւրասիրութիւն:
Յայտնենք, որ մարզախաղերու պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր տողանցքով եւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը, շաբաթ, 26 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին (Երեւանի ժամով): Հանդիսութիւնը ուղղակիօրէն պիտի սփռուի ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով: