Մինչեւ Հայաստանի մէջ հերթական ընտրութիւնները, այսինքն՝ մինչեւ այս տարուան յունիս, մենք կրնանք խաղաղութեան պայմանագիր կնքել: Այս մասին Միլլի Մեճլիսի այսօրուան նիստին յայտարարած է Ատրպէյճանի պատգամաւոր Կուտրաթ Հասանկուլիեւը:
Անոր խօսքով՝ ատոր համար Հայաստանը պէտք է պարտաւորութիւն ստանձնէ, որ իր նոր Սահմանադրութեան մէջ «տարածքային պահանջներ» պիտի չըլլան Ատրպէյճանի նկատմամբ:
«Մեր օրէնսդրութեան համաձայն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը կը ճանչցուի որպէս Հայրենական պատերազմ։ Հետեւաբար, Սահմանադրութեան համաձայն, խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար անհրաժեշտ է Միլլի Մեճլիսի համաձայնութիւնը։ Խաղաղութեան պայմանագիրը նախաստորագրուած է անցեալ օգոստոսին։ Այն պէտք է քննարկուի խորհրդարանին մէջ։ Ես կ՚առաջարկեմ այս հարցը ներառել գարնանային նստաշրջանի աշխատանքային ծրագրին մէջ։
Ներկայիս Հայաստան բեռերը կը տեղափոխուին Ատրպէյճանի միջոցով։ Ատրպէյճանը վառելիք կը վաճառէ Հայաստանին։ Եթէ Հայաստան բեռերը կը տեղափոխուին Ատրպէյճանի միջոցով, ապա կը կարծեմ, որ Ատրպէյճան բեռերը նոյնպէս կրնան տեղափոխուիլ Հայաստանի միջոցով։ Մենք կրնանք վերականգնել Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ կապող երկաթուղային գիծը, այդ շարքին՝ Սատարաք-Երեւան երկաթուղին։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մինչեւ մարտ ամիսը ճանապարհներու բացման հարցը նոյնպէս պիտի քննարկուի։
Նախիջեւանի զարգացումը արագցնելու համար բեռերը պէտք է Նախիջեւան տեղափոխուին երկաթուղիով, եւ մենք պէտք է Նախիջեւան բեռեր տեղափոխենք Հայաստանի միջոցով։ Ես կը կարծեմ, որ կառավարութիւնը պէտք է որոշակի քայլեր ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ»,-ըսած է պատգամաւորը: