image

Լոս Անճելըս. Յիշատակուած է Պոլսահայ կրթական մշակ՝ Աննա  Գավաֆեան 

Լոս Անճելըս. Յիշատակուած է Պոլսահայ կրթական մշակ՝ Աննա  Գավաֆեան 

Օրերս, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ՝ ի յիշատակ Պոլսոյ Էսաեան վարժարանի կրթական մշակ Աննա Գավաֆեանի: Հոգեհանգիստէն ետք սգակիրները ուղղուեցան Պոլսահայ միութիւն, ուր ներկայացուած է  կոկիկ յայտագիր մը եւ ատշաճ հիւրասիրութիւն: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Դժուար եւ ցաւալի է Աննա Գավաֆեանի նման ուսուցչուհիի մը եւ տնօրէնուհիի մը մահուան յիշատակին համար երկտող մը գրելը: Գրել եւ երախտապարտ ըլլալ այն բոլոր բաներուն համար, զորս ան սորվեցուցած է համբերութեամբ ու մեծ բծախնդրութեամբ: Գրել եւ շնորհակալ ըլլալ այն պահերուն համար, որոնց ընթացքին մեծ ուսուցչուհին դասաւանդած է ուսողութիւն եւ բնագիտութիւն:

4 Մայիսին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ՝ ի յիշատակ Պոլսոյ Էսաեան վարժարանի կրթական մշակ Աննա Գավաֆեանի: Նախքան քարոզը, քահանայ հայրը ընթերցեց Պոլսահայ միութեան ուղերձը, ապա հոգեհանգիստէն ետք սգակիրները ուղղուեցան Պոլսահայ միութիւն, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը: Պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մը: Օրուան հանդիսավարուհին միութեան Էսաեան վարժարանի սանուց յանձնախումբի ատենապետուհի Իլտա Շաքարեանն էր, որ բացումը կատարեց եւ հրաւիրեց նախկին ատենապետուհի Ալին Տօնիկեանը։ «Մենք՝ Լոս Անճելըսի էսաեանցիները միշտ կը պարծենանք էսաեանցի ըլլալնուս համար, կը սգանք մահը կրթական մշակ, բնագիտութեան եւ ուսողութեան ուսուցչուհի Աննա Գավաֆեանի կորուստը», ըսաւ Տօնիկեան, որ ապա ընթերցեց Աննա Գավաֆեանի հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք խօսք առաւ Ասատուր Չիլինկիրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ յիշեց, որ Աննա Գավաֆեանը զուարթ եւ ժպտերես անձ մըն էր եւ անոր փափաքն էր, որ աշակերտները լաւապէս ուսանէին, թուաբանութիւնը եւ դպրոցը սիրէին ու յաջող ըլլային:

Ապա, Հիլտա Աճիլաչի ցաւակցութիւններ յայտնեց հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն՝ հաստատելով, թէ «անոր յիշատակները մեր սրտերուն եւ միտքերուն մէջ պիտի ապրին»: Ան ասմունքեց Վարդ Շիկահերի «Հողը Սուրբ, Ժամ Ու Դպրոց» բանաստեղծութիւնը: Հանգուցեալին եղբօր՝ Գէորգ Պալթայի տիկինը՝ Ռիթան, ամպիոն գալով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ միութեան եւ յատկապէս Սիմոն Աճըիլաչին, որ սիրով տրամադրուեցին սրահը եւ հիւրասիրութիւնը:

Իր կարգին, Իլտա Շաքարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հերման Աքպըեըքին՝ սահիկներու ցուցադրութեան պատրաստութեան համար, հաշուապահ Եղիա Քէօսէին, քարտուղարուհի Մարիէթ Օհանէսին, Ալին Տօնիկեանին, Սիմոն եւ Հիլտա Աճիլաչօղլուին, Մշակութային յանձնախումբի փոխատենապետ եւ հոգաբարձու Կարպիս Սարաֆեանին, նաեւ մեծ շնորհակալութիւն՝ Ասատուր Չիլինկիրեանին:

Ապա ցուցադրուեցան Էսաեան վարժարանի ուսուչցուհիներ Անի Տիրամէրեանի, Սաթենիկ Նշանի, Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի եւ Պերճուհի Պէրպէրեաններու սրտի խօսքերը, ինչպէս նաեւ Յարութիւն վրդ. Տամատեանի սրտի խօսքը:

Թէեւ վարժարանը իր տեղն է, բայց չկայ մեծ ուսուցչուհին եւ տնօրէնուհին: Անվերադարձ գացած են մեր մանկութեան օրերն ալ: Տիկին Աննայի դաստիարակած սերունդներէն շատերը օտար քամիները տարած են օտար ափեր: Ցարդ բոլորիս մօտ մնացած է այն քաղցր օրերու հարազատ եւ սիրելի յուշը, զոր կը կրենք մեր սիրտերուն մէջ: Իսկ Աննա Գավաֆեան, իր ազնիւ եւ առաքինի ուսուցչուհիի եւ տնօրէնուհիի տիպարով՝ ներկայ պիտի մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք աշակերտած են անոր: Աննա Գավաֆեան ուսուցչուհիին մասին կարելի է շատ երկար խօսիլ եւ անվերջ վկայութիւններ տալ` առանց յագենալու:

Յարգա՛նք անոր քաղցր յիշատակին, յարգա՛նք վաստակ ձգած անխոնջ առաքեալին: