image

Լիզպոնէն Անդին. Հին Ու Նոր Աշխարհներու Մասին

Լիզպոնէն Անդին. Հին Ու Նոր Աշխարհներու Մասին

 

Հինը իբրեւ վաւերական արժէք, այն երազներուն որ կէս մնացած են եւ նորը, որուն մէջ քանի-քանի երազներ ամէն օր կը մեռնին։

Հինի ու նորի մասին խօսեցայ, նաեւ անոր համար, որ սպիտակ թերթերու մաքրութեան մէջ առաջին բառը, որ զինուորի պէս կը կանգնի՝ դէպի նոր աշխարհ մը հասնելու մեծ իղձին ներկայացումն է։

Իղձը հանդիպելու այն ընկերներուն, որոնք հեռու ափերու են, ու կ’ապրին դժուար ժամանակներու մէջ։ 

Իղձը անոնց բարեւելու, անոնցմէ շատեր Պէյրութ են հիմա ու անոնցմէ շատեր Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն պիտի այցելեն մոմ մը վառելու եւ յիշատակելու մեր «հինգ հայ սրտեր»ու օրը։ 

 

Օրուան մտածումներ -1

Լիզպոնէն Անդին. Հին Ու Նոր Աշխարհներու Մասին

Միքոնոսի ջուրերուն համար արագանաւ, Հնդկաստանի գործարանէն ոսկեղէններու նոր պատուէր ու տակաւին յառաջիկայ ամիս արձակուրդի մնացած մասը ուր անցնելու մասին բաց քննարկում։

Այս բոլորին մասին կը խօսին կողքդ նստած երկու տղամարդիկ, որոնց երեսի գիծերէն անկարելի է գուշակել թէ ուրկէ կը սերին։

Հաւանաբար երկրորդին մայրը հնդիկ մը եղած է, դատելով դէմքի երանգներէն, բայց ատ ալ անշուշտ յստակ չէ ինծի համար։ 

Այսօրուայ աշխարհի բնակիչներ են անոնք։ Այսօրուայ խնդիրներով, համայնակուլ աշխարհէն Երեւան հասած, երեւի թէ նոր գործարք մը կնքելու նպատակով։ 

Նոր աշխարհէն կու գան ու մեր գունաւոր աշխարհին մէջէն անցնելով շատ հաւանաբար վաղը պիտի մեկնին Թիֆլիս կամ Պոլիս, հոն շարունակելու համար Երեւանի մէջ իրենց սկսած զրոյցը։

Այս պահուն չեմ ալ կռահած, թէ ինչ հայեացքով կը նային այսօրուայ Երեւանին, որուն մէջ հազար ու մէկ երանգներ կան, քանի-քանի կիսատ-պռատ մնացած փողոցներ, անցեալ դարէն մնացած փայտեայ բազրիքներով պատուհաններ, անխիղճ տապ մը, եւ գիշերուան ժամերուն իրենց աշխուժութիւնը մեզի «հաղորդող» փողոցային շուներու մեծ շքերթներ։

Իրօք, ինչ է խորհուրդը այս Երեւանին, որուն տեսակ-տեսակ երեսները ճանչցեր եմ, որուն հեզասահ ձմեռներուն եւ արագ անցնող գարուններու երգէն մաս մըն ալ մէջս պահեր եմ։

Մեզի համար միշտ նոր է Երեւանը. իր շունչով, իր մարդոցմով, իր այցելուներով, լարուած երանգներով, լուսապատկերներով եւ ուշ գիշերուան մէջէն դէպի առաւօտը վազող լուսաբացներու յոյսով։ 

Հինի ու նորի բախման կէտն է այս քաղաքը։ 

Հինը իբրեւ վաւերական արժէք, այն երազներուն որ կէս մնացած են եւ նորը, որուն մէջ քանի-քանի երազներ ամէն օր կը մեռնին։

Հինի ու նորի մասին խօսեցայ, նաեւ անոր համար, որ սպիտակ թերթերու մաքրութեան մէջ առաջին բառը, որ զինուորի պէս կը կանգնի՝ դէպի նոր աշխարհ մը հասնելու մեծ իղձին ներկայացումն է։

Իղձը հանդիպելու այն ընկերներուն, որոնք հեռու ափերու են, ու կ’ապրին դժուար ժամանակներու մէջ։ 

Իղձը անոնց բարեւելու, անոնցմէ շատեր Պէյրութ են հիմա ու անոնցմէ շատեր Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն պիտի այցելեն մոմ մը վառելու եւ յիշատակելու մեր «հինգ հայ սրտեր»ու օրը։ 

Ի վերջոյ այսօրուան այս պայքարներուն մէջ, զուտ մարդկային եւ զուտ ընկերային պայքարներուն մէջ Լիզպոնի տղոց համար քանի հոգի յիշատակ մը յարգելու ուխտը տուած է ինք իրեն։

Առանց ձեւական պոռթկումներու, առանց բեմի, առանց երգեհոնի, այլ լուռ ու խոնարհ ճիշդ այն տղոց պէս, որ իմ պատանեկութեանս օրերուն որոշեցին ամէն ինչ մէկդի նետել ու երթալ դատին ետեւէն։ Տուին իրենց գերագոյնը, ամենաթանկը տուին, եւ սպիտակ դագաղներու մէջ «վերադարձան» դէպի Պէյրութ։

Շատեր հարց պիտի տան, գուցէ հին էին այս տղաքը, կամ գուցէ այսօր մեր շուրջ տիրող պայմաններուն մէջ ինչքանով հին կը համարուի անոնց մօտեցումը, երբ ամբողջ աշխարհը, կամ այդ առանցքները իրենց ձեռքերուն պահող ձեռներէցները յար եւ նման Երեւանի Ամիրեան 14 հասցէին իմ կողքը նստած երկու երիտասարդներուն, որոնք կը խօսէին Միքոնոսի ջուրերուն վրայ նոր արագանաւով մը ճամբորդութիւն կատարելու երանութեան մասին։

Երեւանն անշուշտ տարերքի քաղաք է, ոչ թէ օտարներուն, այլ մեր «նորեր»ուն համար։ Ամէն քայլափոխի մենք կը զարնուինք անոնց քայլերուն։ Անպայման նկարուիլ մը կը ցանկան, անպայման լաւ ճաշ մը ուտելու կը նային, անպայման «Մարիոթ»ի սրճարանին մէջ հին ընկեր մը գտնելով, զրոյց մը ընել կը կամենան։

Ասոնք ալ մեր նորերն են, որոնք թէ՛ Լիզպոնի մեր ապրումը կ’ուզեն արարել, թէ՛ ալ կ’ուզեն դէպի Միքոնոս իրենց տալիք պտոյտին մասին ալամ-աշխարհին պատմել։

Մեր եւ աշխարհի նորերուն միջեւ տարբերութիւնները շատ են։ Մեր նորերը անպիտան են, մաշուած ու ձեւական, իսկ աշխարհի նորերը նոր ծրագիրներով այս աշխարհի հարստութիւնը իրենցը դարձնելու «երանաւէտ» ճիգին մէջ են։

Հիմա դուք որոշեցէք, որ նորն է կարեւոր եւ որ նորը աւելի է հին յար եւ նման այս Երեւանին, որուն փողոցներէն շատերը շան մէզի հոտով մեզ «կը դիմաւորեն» ու մեզ կը կապեն այսօրուան նոր աշխարհի հակասութիւններուն. կամ այն «հայկական արբանեակ»ին, որուն սուտ կամ իրաւ ըլլալուն մասին Հռոմի հրեշտակներն անգամ իրենց քաւարանին մէջ դեռ երկար պիտի վիճին։

Սագօ Արեան 

 

«Յուսաբեր»

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...