image

Ի՞նչ կը կատարուի Պէյրութի մէջ (կամ Կազայէն անդին...)

Ի՞նչ կը կատարուի Պէյրութի մէջ (կամ Կազայէն անդին...)

Այս գործընթացը (սուրիացիներու հանդէպ ատելավառ մօտեցումը) իր գագաթնակէտին հասաւ մասնաւորապէս Կազայի պատերազմէն առաջ, իսկ այսօր այդ պատերազմի «մեղմացումով» ատելութիպնը ըստ երեւոյթին կրնայ աճիլ եւ դառնալ համալիբանանեան լրջագոյն խնդիր եւ օրակարգ։

Աւարտին եթէ տնտեսական դժուարութիւններուն վրայ կուտակենք սուրիացի փախստականներու խնդիրը, ապա այդ պարագային պիտի ստանանք շատ լուրջ եւ «պայթիւնավտանգ» բաղադրութիւն, որ յար եւ նման պայթելու պատրաստ վառօդի տակառի մը, որ որեւէ ատեն պատրաստ է պայթելու եւ կրակի տալու ամբողջ Լիբանանը։

Յոյսը ի հարկէ «վերջինն է մահանում», այսպէս կ՚ըսեն երեւանցի իմ հայրնակիցները. Յոյսը, որ Լիբանանը ապահով կերպով դուրս գայ վերը նշուած «մղձաւանջներ»էն, բայց եւ այնպէս մտահոգիչն այն է, որ ոչ արաբական աշխարհը, ոչ Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր «արբանեակ» երկիրները եւ ոչ ալ Միացեալ Նահանգները լրջօրէն մտահոգուած են Լիբանանով, որ յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի բոլորէ տնտեսական համընդահուր փլուզման մը արդէն հինգերրորդ տարին։

 

 

 

Պէյրութն  օրերս դարձեալ բողոքի նոր ալիքի մը ականատեսը դարձաւ։ 

Հազարաւոր լիբանանցիներ(որոնց մեծ մասը Լիբանանեան բանակի նախկին սպաներ ու զինուորներ են (պաշտօնաւարտ կամ հանգստեան կոչուած) յաջողեցաւ առնուազն երկու ժամուան համար պաշարել երկրի վարչապետարանը, ուր վարչապետ Նաժիպ Միքաթին ( հրաժարեալ եւ պաշտօնակատար) նախարարաց խորհուրդի նիստ հրաւիրած էր։ 

Հրապարակուած տեսանիւթերը կը փաստեն, որ իրողապէս «խայտառակ» վիճակ մը ստեղծուած էր մայրաքաղաքին մէջ եւ վիճակը այնքան խոցելի էր, որ օրինապահ մարմինները ստիպուած եղան յատուկ մեքենաներով փոխադրել նախարարները (քվորում ապահովելու համար) եւ հասցնել զանոնք Ռիատ Սոլհի հրապարակին մերձ գտնուող վարչապետարանի շէնք։ 

Ժամեր տեւած ցոյցը կ՚աւարտէր, բայց եւ այնպէս եղածը մատնացոյց կ՚ընէր, որ Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական տագնապալի իրականութիւնը նման է լարուած ուժանակի, որ կրնայ որեւէ պահու պայթիլ ստեղծելով աւելի վատթար վիճակ մը անհանգիստ Լիբանանին եւ ամբողջ շրջանին համար։ 

Բաց աստի կայ նաեւ Լիբանան (աւելի քան տաս տարիէի ի վեր) ապաստանած սուրիացի փախստականներուն հարցը, որ օրըստօրէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ եւ սպառնայ բաւական բարդ եւ վտանգաւոր զարգացումներու շղթայի մը, որ կրնայ հասնիլ մինչեւ ներքին-քաղաքացիական բախումներ։

Այստեղ զերծ մնացի «քաղաքացիական պատերազմ» բառն օգտագործելէ, նաեւ անոր համար, որ լիբանանցիք «կուշտ են» այդ փորձառութիւնէն ու մանաւանդ այն պատճառով, որ շրջանային խաղացողներ ներկայ փուլին պատրաստ չեն «թոյլ տալ» նոր տարողունակ պատերազմի մը, երբ տակաւին չէ փակուած Կազայի արիւնալի խնդիրը, ու անկէ զատ կան, գոյութիւն ալ ունին մի քանի «տաք օճախներ», որոնք յարմար կերպով կրնան փոխարինել Լիբանանի մէջ արիւնալի նոր փուլի մը սկիզբը տալու ընտրանքները։

Հիմա ընթերցողը հարց պիտի տայ, թէ Լիբանանի մէջ ի վերջոյ ո՞վ պատրաստ է ներկայ փուլին իրար դէմ կռուելու։

Մեր ընթերցողներն անգամ գիտեն (որոնցմէ շատ շատերը հեռու են լիբանանեան հիմնահարցերէն), որ այսօր Լիբանանի մէջ ռազմական-զինեալ կարողութիւններ ունեցող գլխաւոր կողմը «Հըզպալլա»ն է, որ ներկայ պահուս ալ «արիւն-ոսկոր»ով սահմանային բախումներ կ՚ունենայ Իսրայէլի պետական բանակին հետ։

Ու հոս է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցադրում, որ այս պայմաններուն տակ, որեւէ ուժ «պիտի համարձակի» զէնք բարձրաձնել երկրի շիիթ բաղկացուցիչին դէմ, որ կարճ խօսքով այս ժամանակներուն կը համարուի , ոչ միայն լիբանանեան միլից, այլ կը համարուի շրջանային խաղացող։

Յիշեցնելու կարգով հարկ է նշել, որ «Հըզպալլա»ի միայն ներքին «Լիբանանեան շուկայ»ի խաղացող մը չէ եւ այդ մէկը շատ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած ու փաստացի դրոյթ մըն է։

 

Սուրիացի փախստականներու հարց 

 Անշուշտ տնտեսական բարդ դրութեան կողքին Լիբանանի համար աւելի քան մտահոգիչ հարց կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին հետեւանքով հազարաւոր սուրիացիներու Լիբանան «հաստատուելու» երեւոյթը։

 Բառը ի հարկէ (հաստատուիլը) չափազանցութիւն չէ, որովհետեւ լիբանանեան Պեքայի մէջ գտնուող կարգ մը գիւղաքաղաքներու մէջ սուրիացիներու թիւը աւելին է, քան բնիկ լիբանանցիներու թիւը։ 

 Երեւոյթը ունի անշուշտ ոչ միայն տնտեսական երեսակ, այլ կը պարունակէ «մարդագրական» լուրջ վտանգներու շեշտերը, այն իմաստով, որ այս սուրիացիները ոչ թէ միայն լիբանանցիներու «ձեռքէն» հացը «կը գողնան», այլ նաեւ կրնան որոշակի դեր ունենալ երկրի քաղաքական գործընթացներու վրայ ու խորքային կերպով անոնք կրնան «օգտագործուիլ» շիիթ «Հըզպալլա»ին դէմ դառնալով սիւննի կողմերուն համար «ազդեցիկութիւն» խոստացող «սուր» գործիք մը։

Այս ծիրին մէջ եւս այս անգամ լիբանանահայութեան համար եւս սուրիացի փախստականներու հարցը նոյնպէս մտահոգիչ երեւոյթ կը կազմէ ի մասնաւորի հայաշատ շրջաններուն պարագային։

 Ճիշդ է, որ լիբանանահայութեան քաղաքական վերնախաւը ընդունած է ճիշդ որոշում մը սուրիացիներու հանդէպ որդեգրելով դրական կեցուածք, բայց այն պատկերը, որուն հասած է Պուրճ Համուտի հայկական շրջանը (յատկապէս անոր ծայրամասերուն օրինակ՝ Նապպա, Սիս եւ Արագած շրջանները) կը բովանդակէ մտահոգութիւն առթող ընդհանուր պատկեր մը։

 Ու եթէ նոյնիսկ հայութիւնը, կամ շրջանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ բարերար եւ մեղմ վարմունքով մը «ներծծել» սուրիացի փախստականներն ու անոնց բերած խնդիրները, ապա նոյնը չէ պարագան ինչ կը վերաբերի տեղի մանաւանդ քրիստոնեայ խաւերուն, որոնք ի տարբերութիւն հայութեան սուրիացի փախստականներուն մէջ «իրական» թշնամի մը կը տեսնեն ու յատկապէս այս ժամանականերուն շատ հաւանաբար արտաքին ազդակներու վրայ հիմնուելով) կը փորձեն եւ պիտի փորձեն բախումներ հրահրել սուրիացիներուն դէմ։

Այս գործընթացը (սուրիացիներու հանդէպ ատելավառ մօտեցումը) իր գագաթնակէտին հասաւ մասնաւորապէս Կազայի պատերազմէն առաջ, իսկ այսօր այդ պատերազմի «մեղմացումով» ատելութիպնը ըստ երեւոյթին կրնայ աճիլ եւ դառնալ համալիբանանեան լրջագոյն խնդիր եւ օրակարգ։

Աւարտին եթէ տնտեսական դժուարութիւններուն վրայ կուտակենք սուրիացի փախստականներու խնդիրը, ապա այդ պարագային պիտի ստանանք շատ լուրջ եւ «պայթիւնավտանգ» բաղադրութիւն, որ յար եւ նման պայթելու պատրաստ վառօդի տակառի մը, որ որեւէ ատեն պատրաստ է պայթելու եւ կրակի տալու ամբողջ Լիբանանը։

Յոյսը ի հարկէ «վերջինն է մահանում», այսպէս կ՚ըսեն երեւանցի իմ հայրնակիցները. Յոյսը, որ Լիբանանը ապահով կերպով դուրս գայ վերը նշուած «մղձաւանջներ»էն, բայց եւ այնպէս մտահոգիչն այն է, որ ոչ արաբական աշխարհը, ոչ Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր «արբանեակ» երկիրները եւ ոչ ալ Միացեալ Նահանգները լրջօրէն մտահոգուած են Լիբանանով, որ յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի բոլորէ տնտեսական համընդահուր փլուզման մը արդէն հինգերրորդ տարին։

 

 Սագօ Արեան

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...