Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ յունիս 9-ին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներու հետեւանքով զոհուած է չորս մարդ։ Այս մասին հաղորդած է Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA):
Լիբանանի առողջապահության նախարարութիւնը յայտարարած է, որ հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքի Կարմիր խաչի կեդրոնի մօտակայքը իսրայէլեան յարձակման հետեւանքով զոհուած է 5, վիրաւորուած՝ 8 մարդ, որոնցմէ չորսը Կարմիր խաչի շտապօգնութեան աշխատակիցներ են։
Իսրայէլեան բանակը Լիբանանի հարաւը գտնուող Սուր քաղաքի բնակիչներուն տարհանման հրաման տուած է։
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ եւս երկու զոհ եւ 10 վիրաւոր գրանցուած է Սայիտա շրջանին մէջ։
Երկրի հարաւային Նապաթիէ շրջանի վրայ յունիս 8-ի առաւօտեան Իսրայէլի յարձակման հետեւանքով զոհուած է 7 մարդ, եւս 8-ը՝ վիրաւորուած։
«Հըզպալլա»-ն յայտարարած է, որ Լիբանանի հարաւին մէջ հրետանային արկերով թիրախաւորած է իսրայէլական բանակին պատկանող ռազմական սարքերը եւ զինուորներու հաւաքատեղին։