Լիբանանի մէջ ուսուցիչներու արհմիութեան եւ ուսումնական հաստատութիւններուն միջեւ ծագած վէճին հետեւանքով վերջիններս 3 օր փակած են իրենց դռները: Այս մասին կը յայտնէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Ստեղծուած խառնակ վիճակին պատճառն այն է, որ արհմիութիւնը սեփական դպրոցներէն կը կը պահանջէ օրէնքով սահմանուած չափով վարձատրել ուսուցիչները, մինչդեռ դպրոցներու ղեկավարները կը պնդեն, թէ նման պարագայի իրենք անկարող պիտի ըլլալն ծածկել դպրոցի ծախսերը:
Նման պայմաններու մէջ միակ տուժողները պիտի ըլլան ուսանողութիւնն ու վերջիններուս ծնողները, որոնք կա'մ պիտի զրկուին ուսումնական տարուան բնականոն ընթացքէն, կա'մ ուսուցիչներու պահանջները բաւարարելու նպատակով ուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարները պիտի ստիպուին բարձրացնել ուսումնական վարձերը, ծանրացնելով ծնողներու բեռը: